Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Սարգսեան նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս տարի Հայաստանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Ռուսիայէն դահուկորդներ:
Ան նշեց, որ վերջերս Ռուսիայէն եկած հինգ դահուկորդները այժմ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն Աշոցքի մէջ:
Սարգսեան աւելցուց, որ ռուս մարզիկներուն մասնակցութիւնը այս ախոյեանութիւնը պիտի բարձրացնէ նոր մակարդակի մը:
13 յունուարին Աշոցքի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 30 դահուկորդներ: