Սպանական «Լա Լիկա»-ին մաս կազմող ֆութպոլի ակումբներէն Քատիս երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Ալվարօ Սերվերան` յայտնեց խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով Քատիս նոյեմբեր 2021-էն ի վեր յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել, եւ այժմ` 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, 14 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման նախավերջին դիրքը:
56 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը 2016-էն ի վեր խումբին մարզիչն է:
Նշենք, որ ներկայիս Քատիսին մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան: