Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Չելսիին մաս կազմող պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու շուտով կրնայ տեղափոխուիլ Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Կը նշուի, որ Չելսիի սեփականատէրը` Ռոման Ապրամովիչ, ինչպէս նաեւ գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխել, շատ գոհ չեն ֆութպոլիստով:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆրանսական ակումբը անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար պատրաստ է վճարելու 90 միլիոն եւրօ:
Նախորդ ամրան ընթացքին Չելսի իր կազմին միացուց Լուքաքուն` անոր փոխանցման համար Ինթեր Միլանին վճարելով 115 միլիոն եւրօ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Չելսիի հետ 20 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 8 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ: