Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստանի Եւ Իրաքի Նոյն Նախաբաններն Ու Տարբեր Վերջաբանները

Դեկտեմբեր 28, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Աֆղանիստանի մէջ քսանամեայ ներկայութենէ ետք Ամերիկա հեռացուց հոն գտնուող իր բոլոր ուժերը, ինչպէս նաեւ` դիւանագիտական անձնակազմերը: Սակայն Ամերիկա չկրցաւ Աֆղանիստանի մէջ իրականացնել իր նպատակը, այլ խօսքով` տապալել թալիպաններու վարչակարգը եւ հաստատել ժողովրդավարական վարչակարգ:

Ընդհակառակը, այդ մէկը կատարելու փոխարէն` Ամերիկա ստեղծեց հսկայական քաոս մը, ինչպէս նաեւ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ պատճառեց լարուածութիւն:

Այս իրականութեան կը վկայեն Քապուլի «Համիտ Քարզայ»-ի անուան միջազգային օդակայանին մէջ ստեղծուած արտառոց եւ քաոսային երեւոյթները, որոնք փաստեր էին աֆղանական մայրաքաղաքին մէջ Ուաշինկթընի ձգած պայթուցիկ հետքերուն, որոնք աւելի ուշ կրնան ունենալ իրենց հետեւանքները:

Ամերիկեան ուժերու հեռացումէն անմիջապէս ետք թալեպաններուն անակնկալ ու ողբերգական կերպով իշխանութեան ստաձնումը եւ անոնց գործելաոճը հետագային աւելի եւս պիտի աւերեն Աֆղանիստանը, իսկ այն հաւանականութիւնը, որ երկրին դռներէն դուրս եկած Ամերիկան անկասկած պիտի փորձէ տարբեր ձեւերով ու միջոցներով դարձեալ ներթափանցել դէպի Քապուլ, շատ մեծ է:

 

Ի մտի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Ամերիկա Աֆղանիստան ներխուժելու գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին մուտք գործած է նաեւ Իրաք` նմանօրինակ պայմաններու եւ կացութեան ընթացքին, ներկայիս պիտի գործադրուի աֆղանական նոյն բեմագրութիւնը, որուն համաձայն, ամերիկեան ուժերը պէտք է դուրս գան Իրաքէն, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Ուաշինկթըն կը գիտակցի, թէ Իրաքի մէջ իր կեցութեան կարելիութիւնները գրեթէ վերջ գտած են:

Բայց եւ այնպէս, եթէ Ուաշինկթըն Աֆղանիստանէն հեռացաւ` առիթ տալով թալեպաններուն ընդարձակուելու եւ հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը այնպէս,  ինչպէս` երկու տասնամեակ առաջ, ապա այդ մէկը կրնայ կանուխ ըլլալ Իրաքի պարագային, որովհետեւ հոն կան միացեալ շահեր,  յատկապէս` շրջանային թղթածրարներու իմաստով:

Սակայն նկատի առնելով Իրաքի մէջ տիրող կացութիւնը, Դիմադրութեան կողմէ ժողովրդային որոշումներ գործադրելու վճռակամութիւնը, խորհրդարանի որոշումները, ինչպէս նաեւ բռնագրաւումին վերջ տալու իմաստով Իրաքի հոգեւոր պետերուն կոչերը, ապա անոնք կրնան իրենց դերակատարութիւնը ունենալ եւ մղել, որ Ուաշինկթըն որոշում տայ հեռանալու նաեւ Իրաքէն:

Շատ հաւանաբար Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը Ուաշինկթընի փափաքը չըլլայ, բայց վերջին հաշուով ան կատարուած իրողութեան առջեւ պիտի դրուի եւ յաւելեալ բարդութիւններու առաջքը առնելու համար ստիպուած պիտի հեռանայ Իրաքէն:

Եւ եթէ նկատի ունենանք, որ ամերիկացիներուն հեռացումէն ետք Աֆղանիստանի մէջ արձանագրուած դէպքերուն հետեւանքները նախապէս ծրագրուած են եւ Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ արեւմտեան ու Միջին Ասիոյ մէջ ամերիկեան խաղաքարտեր են` կառավարելու իր հակառակորդները, ինչպէս` Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի դէմ պայքարը, ապա անոնք նոյնպէս չեն կրնար ըլլալ Իրաքի պարագային: Այսինքն եթէ Ամերիկա մտածէ նոյն ձեւի բեմագրութիւն մը ստեղծել նաեւ Իրաքի մէջ, ապա անիկա մեծ ձախողութեան պիտի մատնուի:

Իրաքի մէջ «Ֆաթհ» դաշինքի նախագահ Հատի Ամիրի վերջերս հաստատեց, որ թալեպաններու հակակշիռին տակ Աֆղանիստանի ապրած կացութիւնը պիտի չկրկնուի Իրաքի մէջ: Ան ընդգծեց, որ Աֆղանիստանի իրավիճակը Իրաքի հետ բաղդատողը ոչինչ գիտէ, որովհետեւ զոյգ երկիրներուն միջեւ բաղդատութիւն կատարելու ոչ մէկ բան կայ:

Նոյն բովանդակութեամբ, սակայն տարբեր եզրերով կ՛արտայայտուի Իրաքի խորհրդարանի անդամ եւ օրէնսդիր Ահմետ Ժապպուրի, երբ կ՛ըսէ, որ իրաքեան տուեալներն ու Աֆղանիստանի հետ կատարուած բաղդատութիւնները անտեղի են:

Այս կեցուածքն ու կարծիքը կը բաժնեն բազմաթիւ վերլուծաբաններ ու պատասխանատուներ: Անոնք կը հիմնուին այն իրականութեան վրայ, որ իրաքեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ անոնք ահաբեկչութեան դէմ պայքար կը մղեն: Այսինքն կացութիւնը նոյնը չէ, ինչպէս` Աֆղանիստանը, ուր թալեպանները ժողովրդականութիւն ունին եւ այդ պատճառով կրցան ամէն բան ստանձնել: Մինչդեռ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ զինուորապէս եւ ժողովրդային առումով պարտուեցաւ, եւ անոր գործողութիւնները վերածուեցան կերիլլայական պատերազմի, իսկ անոր թիրախաւորումները ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդել իրաքեան ուժերու կազմուածքին վրայ:

Հետեւաբար Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումին եւ Իրաքէն նոյն ուժերուն հաւանական հեռացումին մասին մօտեցումները կը բացայայտեն մեծ թիւով տարբերութիւններ, նոյնիսկ եթէ Ուաշինկթընի վերաբերումը թալիպաններուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ այդքան ալ տարբեր չէ:

Աֆղանիստանի պարագային բոլորին համար յստակ էր, որ ամիսներ առաջ Ուաշինկթընի եւ թալեպաններուն միջեւ Քաթարի հովանաւորուած բանակցութիւնները կը նպատակադրէին ապահովել Աֆղանիստանի կացութիւնը` ամերիկեան ուժերուն հեռացումէն ետք:

Այս մէկը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ, եւ ամերիկացի քաղաքական անձնաւորութիւններ քննադատութեան հսկայ ալիք մը բարձրացուցին նախագահ Ճօ Պայտընի դէմ:

Ամերիկայի նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ Կրտսեր նկատել տուաւ, որ Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումը Ամերիկայի, անոր դաշնակիցներուն եւ շրջանի երկիրներուն համար աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Հաւանաբար ամերիկեան վարչակազմը իր կարգին գիտակցեցաւ այդ քայլին ունենալիք հետեւանքներուն եւ այդ պատճառով ալ ան իր ախորժակները սրած Անգարային առիթ տուաւ ներթափանցելու դէպի Աֆղանիստանի խորերը` յանձնառու մնալով սակայն, որ Թեհրան բնաւ չկարենայ իր ազդեցութիւնը ունենալ Աֆղանիստանի վրայ:

Թէեւ ամերիկեան ուժերու կեցութիւնը համտեսած Աֆղանիստանի եւ Իրաքի նախաբանները նման են, սակայն վերջաբանները յստակօրէն կը տարբերին իրարմէ: Հակառակ անոր որ Աֆղանիստան քսան տարի ետք մնաց թալեպաններուն իշխանութեան ներքեւ, Իրաքի մէջ կրօնական հեղինակութեան գոյութիւնը, տիրող քաղաքական հաւասարակշռութիւններն ու տարազները, ազգային գաղափարաբանութեան վրայ հիմնուած ժողովրդային աշխարհազօրի գոյութիւնը` իբրեւ զինուորական ուժ, Իրաքի շահերն ու ապահովութիւնը, որ ուղղակիօրէն կապուած է շրջանային ապահովութեան ու շահերուն, ինչպէս նաեւ իրաքեան կառավարութեան ունեցած ըմբռնումները տեղական այլ ուժերու հետ, կը ներկայանան իբրեւ կարեւոր ազդակներ ու յատկանիշներ:

Այս բոլոր ազդակները կրնան սանձել կացութիւնը եւ երկրին որդեգրելիք ուղղութիւնը ճշդել, հետեւաբար անկարելի է զանոնք անտեսել ապագայի ծրագիրներուն ու դասաւորումներուն պարագային:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամանորի Օրերու Հրամայականը` Համազգային Դիմադրութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Այս Տարուան Բացառիկը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?