ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին եւ նախավկային` Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով, կիրակի, 26 դեկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, սարկաւագաց տօնին առիթով, դպրեվանքի սարկաւագները գեղարուեստական յայտագիր մը պիտի ներկայացնեն վեհարանի դահլիճին մէջ, ապա վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը պիտի ուղղէ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները աղօթակից դառնալու դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն:
Նշենք, որ Ս. պատարագը ուղիղ պիտի սփռուի կաթողիկոսարանի Cilicia-TV-ի Դիմատետրի եւ «Եութիուպ»-ի էջերէն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
ՏԷՐ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հայրապետական սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ, շաբաթ 25 դեկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Յաւարտ սուրբ պատարագին, հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի եկեղեցւոյ մէջ: Այնուհետեւ շնորհաւորութիւնները պիտի շարունակէ ընդունիլ պատրիարքարանին մէջ, Էշրեֆիէ`
Շաբաթ, 25 դեկտեմբեր, ժամը 16:00-19:00
Կիրակի, 26 դեկտեմբեր, ժամը 10:00-13:00 եւ 16:00-19:00
ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
—————————————
CHAT & PLAY
Internet Service Provider
Special offer for New Subscribers
Pay 1 month, Get 2 months for free
also free cable installation
for more information please contact
71-354523, 01-247365
RECRUITING
We are recruiting new positions in secretary & customer care services. If interested kindly send your cv to: [email protected]

