Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆԵՐ

February 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղեւոն քհնյ. Լօշխաճեան
Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, երէկ` կիրակի, 19 փետրուար 2012-ին, տեղի ունեցան Բարեկենդանի նուիրուած պաշտամունքներ, որոնցմէ առաջինը կայացաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, եղբայրակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ:

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համբարձում Թորոսեան, որ կոչ ուղղեց ապրելու Բարեկենդանին խորհուրդով: Պատգամախօսն էր Մասիս վրդ. Զօպուեան, որ ներկայացուց ծոմապահութեան իմաստը` անդրադառնալով աղօթքին, Աստուածաշունչի ընթերցման, ողորմութեան եւ եկեղեցական կեանքին: Ան ըսաւ, որ առանց հոգեւոր բաժինին ծոմապահութիւնը կ’ըլլայ մարմնաւոր եւ կը հակադրուի եկեղեցական հաւատամքին:

Հայր սուրբը յայտնեց, որ Բարեկենդանը դէպի Աստուծոյ երկնային ազատութեան եւ սիրոյ կեանքին վերադարձն է: Ան աւելցուց, որ Բարեկենդանի օրը առիթ մըն է ժամանակը կասեցնելու եւ ժամանակէն դուրս գալով Աստուծոյ հետ հաշտ կեանքով, ապաշխարութեամբ եւ թողութեամբ մեղքերէ մաքրուելու:

Երեկոյեան ժամը 5:30-ին տեղի ունեցաւ երիտասարդաց պաշտամունքը, որուն բացման խօսքը արտասանեց Սեպուհ Գարավարդանեան: Օրուան պատգամախօսն էր Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, որ յայտնեց, թէ Բարեկենդանը բարի կենդանութիւն ունեցող մարդու կեանք ապրիլն է, որ միայն պէտք չէ սահմանափակուի ծոմապահութեան շրջանին:

Խօսքը ուղղելով ներկաներուն` տէր հայրը ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես բարի կենդանութիւն ունենալ, ապա ընդունէ՛ Բարին քու կեանքիդ մէջ»: Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան հաստատեց, որ այս աշխարհիկ պայմաններուն մէջ բարութիւնը կարելի է իրականացնել, երբ հաւատացեալը կառչած կը մնայ կրօնին եւ եկեղեցիին:

Յայտնենք, որ զոյգ հաւաքներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ պաշտամունքի արարողութիւն, երբ ներկաները աղօթքներով, նուագներով եւ երգեցողութեամբ փառաբանեցին տօնը:

 

 

Նախորդը

ՊՐԱՅԶԱ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻ ԻՐ ՍԷՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ` ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՎ ԻՐ ՀԱԿԱՀԱՅ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Յաջորդը

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ` «ԷՀԼԱՆ» ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.