Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՐԱՅԶԱ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻ ԻՐ ՍԷՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ` ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՎ ԻՐ ՀԱԿԱՀԱՅ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

February 20, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Իմ կանխատեսումը, թէ Մեթիու Պրայզա պիտի հեռանայ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ պիտի զբաղի լոպիիստական գործունէութեամբ, ճիշդ դուրս եկաւ: Ազրպէյճանի մէջ իր դիւանագիտական կարճատեւ առաքելութիւնը կիսաւարտ ձգելով` Պրայզա անցեալ շաբաթ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք պիտի զբաղի «մարդոց, կառավարութեան եւ սեփական ընկերութիւններուն ներդրումային մեծ ծրագիրներու մասին խորհրդատուութիւն տրամադրելով»:

Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք Պրայզայի ծրագրած «լոպիիստական» եւ «քարոզչական» գործողութիւնները` ի նպաստ թուրքերուն եւ ազրպէյճանցիներուն, իրաւական շրջանակի մէջ կը գտնուի՞ն, հաշուի առնելով այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութիւնը սահմանափակումներ կը նախատեսէ պետական նախկին պաշտօնատարներու նկատմամբ: Կախուած ըլլալով գործունէութեան որոշիչ տեսակէն` արգելքը կրնայ ըլլալ մէկ կամ երկու տարիով: Այնուամենայնիւ, «բարձրաստիճան պաշտօնեաներու» պարագային, ինչպէս է օրինակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Պրայզան, կը գործէ ցմահ արգելքը: Անոր վստահաբար պիտի արգիլուի երրորդ մարդոց անունով յարաբերիլ արտաքին գործոց նախարարութեան իր նախկին գործընկերներուն հետ այնպիսի պաշտօնական հարցերու կապակցութեամբ, որոնց ինք առնչուած է իբրեւ պետական պաշտօնեայ:

«Հիւրրիյէթ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Պրայզա անձամբ կը հաստատէ իր հասցէին հնչած այդ մեղադրանքը, թէ ինք դրսեւորած է կանխակալ եւ ոչ արհեստավարժ մօտեցում, երբ ներգրաւուած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցերով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ` իբրեւ ամերիկացի համանախագահ: Այդ ժամանակ զայն շարունակաբար կը քննադատէին հակահայ, ազրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ ըլլալուն համար: Ծերակուտական Պարպարա Պաքսըր եւ Ռապըրթ Մենենտեզ, որոնք վեթօ դրին անոր` Ազրպէյճանի մէջ որպէս դեսպան նշանակման, եւ` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, որ դէմ եկաւ նախագահ Օպամայի տհաս որոշումին` Պրայզան առանց ծերակոյտի հաստատման Պաքու ուղարկելու մասին, ներկայիս ամբողջութեամբ արդարացած դուրս եկան:

Անցեալին Պրայզայի ջատագովները զայն կ՛արդարացնէին` ըսելով, որ իբրեւ պետական պաշտօնատար անձ` ան պարտաւոր էր պաշտպանել նախագահին դիրքորոշումը` Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր առնչուող հարցերուն վերաբերեալ: Սակայն այժմ ան ազատ մարդ է. ինչո՞ւ կը շարունակէ թութակի պէս կրկնել այդ միեւնոյն` թրքամէտ եւ հակահայ լոզունգները: Արդեօք Պրայզան, կառավարութեան մէջ թէ անկէ դուրս, կը փորձէ դո՞ւր գալ իր հետագայ պատուիրատուներուն: Ապա թէ ոչ, ան ինչո՞ւ «Հիւրրիյէթ-ին փոխանցեց չափանիշ դարձած թրքական քարոզչութիւնը, որ իբր թէ քաղաքական գործիչները եւ խորհրդարանները պէտք չէ ներգրաւուին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: Թուրք եւ ազրպէյճանցի պաշտօնատարները սիրաշահելու նպատակով Պրայզա զայրոյթով կը քննադատէ Հայ դատի յանձնախումբը` ըսելով. «Այդ կազմակերպութիւնը, որ տապալեց իմ աշխատանքը, ընդմիշտ քննարկման մէջ պիտի պահէ այս խնդիրը: Սակայն ոչ թէ կառավարութիւնները, այլ անհատ մարդիկ պէտք է որոշեն, թէ ինչպիսի՛ բնութագրում պէտք է տրուի անոր… Թուրքիան կրնայ զգալի ազդեցութիւն ունենալ այդ խնդիրին վրայ… Ծայրայեղականները, որոնք տապալեցին իմ աշխատանքը, կ՛ատեն զայն: Անոնք չեն ուզեր բաց բանավէճ մը ունենալ… ազատ երկխօսութիւնը անոնց թշնամին է»:

Ողջունելով որոշ թուրքերու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի բաց քննարկման պատրաստակամութիւնը` Պրայզա «օրինական» կը համարէ թրքական պաշտօնական տեսակէտը, թէ` «անիկա (Ցեղասպանութիւնը) պէտք չէ քաղաքական մակարդակով ճանչցուի որպէս ցեղասպանութիւն: Այս իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն կամ ոչ ցեղասպանութիւն որակելը, որեւէ երկրի մը ոեւէ քաղաքական գործիչի գործը չէ: Հասարակութիւնը պէտք է այդ մէկը ընէ, այլ` ոչ թէ մարդիկ, որոնք որոշումներ կը կայացնեն քաղաքական օրակարգի հիման վրայ: Ես անպարկեշտութիւն կը համարեմ ատիկա»:

Ապա Պրայզա շատ աւելի հեռու գնաց` լրիւ բացայայտելով իր թրքամէտ հայեացքները. «Ճշմարտութիւնը բոլորին կողմն է, յատկապէս` Թուրքիոյ: Ներկայիս այս խնդիրին (Հայոց ցեղասպանութեան) շուրջ քննարկումը իրօք միակողմանի է: Այն անձը, որ այլ տեսակէտ կը բարձրաձայնէ, կը համարուի Ցեղասպանութիւնը ժխտող, ինչ որ անմիջապէս կը նշանակէ, թէ դուն դէմ ես մարդու իրաւունքներուն: Եթէ կը կարծէք, որ ցեղասպանութիւն կատարուած է, ապա կրնաք հաւասարապէս քննարկել այն հարցը, որ, բառին նեղ իմաստով` ցեղասպանութիւն իրականացուած է նաեւ շատ այլ ազգերու նկատմամբ, ինչպէս, օրինակ, արեւելեան Անատոլիայի մէջ թուրքերու եւ մահմետականներու նկատմամբ: Եկէ՛ք` խօսինք այլ խումբերու նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւններուն մասին: Եկէ՛ք` խօսինք բոլորին մասին: Եկէ՛ք` ըլլանք արդար եւ աչք չփակենք միւսներու տանջանքներուն վրայ»:

Այնպէս կը թուի, թէ վերջապէս Պրայզա իրականացուցած է Պոլիս ապրելու իր կեանքի երազը: 2005-ին Անգարա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ծառայողը զինք տեղական լրագրողներուն մօտ իբրեւ «Թուրքիոյ վաղեմի բարեկամ» ներկայացնելէ ետք, Պրայզա առանց ամչնալու յայտարարեց. «Այնքա՛ն ոգեւորուած եմ դարձեալ Թուրքիա գտնուելով: Շատ առումներով Թուրքիան կարծէք իմ երկրորդ տունս ըլլայ… Որքա՛ն երկար մնամ ձեր հիասքանչ երկիրը, չեմ բաւարարուիր: Յոյսով եմ, որ շատ շուտով ու յաճախակի կը վերադառնամ»: Այդ ժամանակ ես գրեցի յօդուած մը, որով յոյս յայտնեցի, որ` «Պրայզա շուտով կ՛իրականացնէ իր երազը եւ մնայուն կը հաստատուի Թուրքիա»: Այժմ անոր փափաքը իրականացած է: Անցած շաբաթ «Հիւրրիյէթ»-ը յայտնեց, թէ անցեալ ամիս, Պաքուէն հեռանալէ ետք, ան հաստատուած է Պոլիս: «Չէք կրնար պատկերացնել, թէ որքա՛ն երջանիկ եմ Պոլիս գտնուելուս համար… Նայեցէ՛ք ինծի: Ես ամուսնացած եմ թուրք կնոջ հետ», բացագանչեց Պրայզա:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿԵ՛Լ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆԻ ՄԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻ ՄԱՇՒՈՒՄ ՈՒ ԱՐԻՒՆԱՔԱՄ Է ԼԻՆՈՒՄ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.