Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով Միջազգային Երթուղիի Կեանքի Կոչուիլը Կրնայ Զարկ Տալ Շրջանային Համագործակցութեան»

Դեկտեմբեր 22, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վրաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ կայացած Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի 11-րդ նիստին յայտնեց, որ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային երթուղիի կեանքի կոչումը կրնայ զարկ տալ շրջանային համագործակցութեան: Ըստ անոր, վարչապետ Ղարիպաշվիլիի հետ հանդիպումին շեշտուեցաւ, որ Հայաստան Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ ո՛չ միայն երկկողմանի հարթութեան, այլ նաեւ շրջանային համագործակցութեան տիրոյթին մէջ, ինչ որ շատ կարեւոր է յարաբերութիւններու պարունակին մէջ:

Ըստ Փաշինեանի, Պարսից ծոց-Սեւ ծով փոխադրամիջոցներու կապի առումով երկու նախագիծ կայ` ինքնաշարժներու ճամբայ եւ երկաթուղային: «Ինքնաշարժներու փոխադրութեան կապերու զարգացման ուղղութեամբ մենք կ՛իրականացնենք Հիւսիս-հարաւ ճամբու կառուցումը, որ հայ-վրացական սահմանը կը կապէ Հայաստան-Իրան սահմանին: Ճանապարհի առաւել արդիւնաւէտ աշխատանքին համար մենք աշխուժ քննարկումներու մէջ ենք մեր իրանցի եւ վրացի պաշտօնակիցներուն հետ, եւ շատ կարեւոր է, որ այս առումով լիարժէք փոխըմբռնումի հասնինք: Կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել, որ եթէ կարելի ըլլայ Հայաստան-Ազրպէյճան ինքնաշարժներու հաղորդակցութեան վերաբերեալ համաձայնութեան հասնիլ Ազրպէյճանի հետ, այս նախագիծը էականօրէն կը փոխուի, դառնալով Հիւսիս-հարաւ, Արեւելք-արեւմուտք երթուղի», յայտնեց ան:

Փաշինեան տեղեկացուց, որ 26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ 14 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներուն հիմամբ կարելիութիւն կայ, որ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութիւն գոյանայ ինքնաշարժներու հաղորդակցութեան վերականգնման վերաբերեալ: «Իսկ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման շուրջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ արդէն իսկ սկզբունքային պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած ենք: Խօսքը Երասխ-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի վերականգնման մասին է, եւ յոյս ունինք այդ աշխատանքը աւարտել յառաջիկայ 2-3 տարուան ընթացքին: Ի հարկէ, պէտք է աշխատիլ, որ մեր պայմանաւորուածութիւնները յստակ արձանագրուին` ինչպէս որ են», աւելցուց ան:

Վարչապետը նաեւ անդրադարձաւ որոշ մասնագէտներու կարծիքներուն, թէ` երկաթուղային հաղորդակցութեան բացումը կրնայ շահեկան չըլլալ Վրաստանի համար: «Երբեք համաձայն չեմ  այդ դիրքորոշման, որովհետեւ եթէ Ջուլֆայով բացուի Հայաստան-Նախիջեւան-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն երկաթուղին, կ՛ունենանք Պարսից ծոց-Սեւ ծով ամէնէն արդիւնաւէտ եւ ամէնէն բարենպաստ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը, եւ այդ երկաթուղին կ՛անցնի Իրանի, Ազրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի տարածքով` դառնալով ո՛չ միայն տնտեսական զարգացման, այլեւ շրջանային անվտանգութեան կարեւորագոյն գործօն», դիտել տուաւ Փաշինեան:

Նախորդը

«Արդէն Մէկ Տարիէ Աւելի Է, Որ Մեր Խաղաղապահները Կ՛աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կայունութեան Պահպանման» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Իրանի Խորհրդարանի Անդամները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?