Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ողջունած է 19 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ 10 հայ պատերազմական գերիներու ազատ արձակումն ու Հայաստան վերադարձը:
«Ազատ արձակուած են 10 հայ զինուորներ: Ես կ՛ուզեմ ողջունել Եւրոպական Միութեան վճռական քայլերը, որոնց օգնութեամբ մենք պիտի շարունակենք յառաջ տանիլ երկխօսութեան այդ ուղին, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի դէպի խաղաղութիւն կը տանի: Մենք յառաջ կը շարժինք», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Մաքրոն:
Նախապէս Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտնած էր, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ 10 պատերազմական գերիներ վերադարձած են հայրենիք, եւ ներկայացուցած էր վերադարձածներու անուանացանկը:



