22-24 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի աշխատանքային այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ երկրի բարձրագոյն ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հետ եւ պիտի քննարկէ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող կացութիւնը:
ՀԱՊԿ-ի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ան այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Փաշինեանի կողմէ հաստատուելու համար պիտի ներկայացնէ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի սեպտեմբերեան նիստի որոշումներու գործադրման եւ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան առաջնահերթ ուղղութիւններու իրագործման հարցով քայլերու ծրագիրը:
Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ Սթանիսլաւ Զաս բանակցութիւններ վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ: