Թուրքիան հանդէս կու գայ ո՛չ միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, այլ նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան օգտին: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ 2022 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ:
Անոր համաձայն, այս հարցին մէջ Անգարայի դիրքորոշումը չափազանց անկեղծ է:
Թուրքիոյ փոխնախագահը նշած է, որ Անգարան Երեւանի հետ երկխօսութիւնը յառաջ պիտի մղէ շատ ուշադիր կերպով եւ Պաքուի հետ սերտօրէն համակարգելով:
Օքթայ դարձեալ խոստովանած է, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Թուրքիան աշխուժօրէն օգնած է Ազրպէյճանին:
«Պատերազմէն ետք շրջանին մէջ նոր կացութիւն ստեղծուած է: Նոր կացութիւնները պարարտ հող ստեղծած են այս շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար», ըսած է Թուրքիոյ փոխնախագահը:
Ան ուշադրութեան հրաւիրած է «3+3» շրջանային հարթակ ստեղծելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախաձեռնութեան վրայ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 13 դեկտեմբերին յայտարարեց, որ Անգարան եւ Երեւանը յարաբերութիւններու կարգաւորման համար յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն: Յաջորդ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատեց այդ տեղեկութիւնը:
Յայտնի է, որ թրքական կողմի ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճը: Հայկական կողմի ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը:
Երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան, իսկ Թուրքիան 1993 թուականէն ի վեր փակած է Հայաստանի հետ իր սահմանը: