Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստան Այսօր Չի Գիտեր` Ղարաբաղը Հայաստա՞ն Է, Թէ՞ Ոչ»

December 17, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ես բազմիցս հրապարակաւ յայտարարած եմ, որ Ազրպէյճան պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններու սկսիլ Հայաստանի հետ եւ աշխատիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ: Առայժմ Հայաստանի ղեկավարութենէն պատասխան չէ ստացուած: Աւելի քան վեց ամիսէ ես քանի մը անգամ նման յայտարարութիւններ կատարած եմ» սպանական «Էլ Փայիս» ամսագիրին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Ասիկա ցոյց կու տայ, որ անոնք խաղաղութիւն չեն ուզեր, որովհետեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան պարագային ատոր հիմնական կէտերէն մէկը պիտի ըլլայ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, իսկ Հայաստանը չ՛ուզեր ճանչնալ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Ամբողջ աշխարհը կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Ղարաբաղը կը նկատէ անոր անբաժան մասը: Հայաստան չ՛ըսեր` կը ճանչնա՞յ տարածքային ամբողջականութիւնը, թէ՞ ոչ: Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն առաջ անոնց վարչապետը հրապարակաւ յայտարարեց, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է, եւ վերջ»: Այս յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, խարխլեց բանակցային հոլովոյթը, եւ ասիկա մէկ մասն էր այն դառն պարտութեան, զոր անոնք կրեցին անցեալ տարի: Սակայն այսօր Հայաստանը, կարծես, այս հարցին մէջ դիրքորոշում չունի: Մենք շատ յստակ կը խօսինք Հայաստանի հետ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ անյապաղ բանակցութիւններու սկսելու մեր փափաքին մասին: Ինչպէս ըսիք, ասիկա ոչ թէ զինադադարի, այլ լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ըլլայ: Բայց եւ այնպէս, կը կարծեմ, թէ առանց Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի, անոնք ապագային կրնան դարձեալ տուժել», ըսած է Ալիեւ:

«Ինչ կը վերաբերի ձերբակալուածներուն, ապա ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն ետք Ազրպէյճան Հայաստանէն առաջ ազատ արձակած է բոլոր պատերազմական գերիները: Ասիկա կրնան հաստատել միջազգային դէտերը: Ներկայիս կալանաւորուած անձերը չեն կրնար պատերազմական գերի համարուիլ, որովհետեւ անոնց մեծ մասը նոյեմբերի վերջերուն, կարելի է ըսել, պատերազմի աւարտէն 20 օր ետք, ուղարկուած են բռնագրաւումէ ազատագրուած տարածքներ` ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու: Անոնք կատարած են այս ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնց իբրեւ հետեւանք զոհուած են քանի մը զինուորներ եւ քաղաքայիններ: Ուստի անոնք բերման եւ պատասխանատուութեան ենթարկուած են: Անոնցմէ ոմանք ազատ արձակուած են` մարդասիրական նկատառումներով:

«Ցարդ մենք ազատ արձակած ենք 100-է աւելի ձերբակալուածներ, իսկ յանցագործութիւն կատարածները դատապարտուած են: Այսպիսով` այդ մարդիկ ոչ մէկ միջազգային հռչակագիրով կրնան պատերազմական գերիներ համարուիլ: Այլ հարց է, որ մեր կողմէ վերադարձնելէ ետք բերման ենթարկուածներէն ոմանք, որոնցմէ 10-ը` 10 օր առաջ, Հայաստանի մէջ անոնք ձերբակալուած են: Ասիկա լուրջ ազդակ է մեզի, այս մարդոց, անոնց հարազատներու համար: Մենք զանոնք վերադարձուցինք Հայաստան, ուր ձերբակալուեցան: Անոնք կրնան խոշտանգուիլ: Անոնք բաւական ծանր փորձառութիւն ունին, որովհետեւ հայկական բանտի մէջ կատարուած հրէշային ժամանակներու մասին մեր գերիներուն պատմածները կը վկայեն, որ այդ մարդիկը սարսափելի խոշտանգումներու պիտի ենթարկուին: Այսպիսով` եթէ մենք աւելի շատ անձեր վերադարձնենք, անոնք պիտի ձերբակալուին: Ասիկա իրական փաստ է, զոր կարելի է հաստատել», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

 

 

Նախորդը

Անգարա Կը Սերտէ Օդանաւային Ընկերութիւններու` Պոլիս-Երեւան Թռիչքներու Դիմումները

Յաջորդը

Փայլան Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Հայաստան – Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Մէջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամուր Կանգնիլ Եւ «Ո՛չ» Ըսել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համատեղ Փաթեթին»

November 3, 2026
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

November 3, 2026
«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի,  Սակայն Կը Վստահի Երեւանին»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի, Սակայն Կը Վստահի Երեւանին» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.