Իտալացի 26 երեսփոխաններ ստորագրած են Իտալիոյ կառավարութեան ուղղուած կոչ մը, որպէսզի պատերազմական գերիներն ու Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ քաղաքայինները ազատ արձակելու համար ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի վրայ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը տեղեկացնէ «Ասքանիուզ» գործակալութիւնը:
«9 նոյեմբերին եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն մէկ տարի ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմաններուն վրայ տիրող կացութիւնը կը մնայ լարուած` ազրպէյճանական զօրքերուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածք ներխուժումներու եւ զինադադարը չպահպանելու պատճառով», կը յայտնեն երեսփոխանները` շեշտելով, որ այսօր ալ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ անօրինական կերպով կը պահուին մեծաթիւ հայ պատերազմական գերիներ, եւ բազմաթիւ հեղինակաւոր աղբիւրներէ յայտնի կը դառնայ, որ Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ վտանգուած է հայկական քրիստոնէական պատմամշակութային ժառանգութիւնը:
Ըստ իտալացի երեսփոխաններուն, բացի ատկէ, Ազրպէյճան Թուրքիոյ բացայայտ օժանդակութեամբ կը սպառնայ ուժի կիրարումով, Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած գերիշխան տարածքի ճամբով երկու երկիրները միաւորող արտատարածքային «միջանցքի» մը ստեղծումով: «Այս բոլորը հակառակ այն բանին, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ վերջ տուաւ պատերազմին, կը նախատեսէ շրջանին մէջ հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցային ամբողջ ցանցի ապաշրջափակում: Աւելի՛ն, համաձայն ստացուած տեղեկատուութեան, Լա Հէյի Միջազգային դատարանը (ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան) արձակած է դատավճիռ, որով Ազրպէյճանէն կը պահանջէ երաշխաւորել պատերազմական գերիներու իրաւունքները, կանխարգիլել հայ ազգաբնակչութեան դէմ ցեղային ատելութեան հրահրումը եւ դատապարտել հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ վանտալիզմը», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Իտալացի 26 երեսփոխանները կ՛ակնկալեն, որ կառավարութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ իբրեւ նախապայման կ՛առաջադրէ նշուած երկրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պատճառով եւ ատոր յաջորդած ժամանակաշրջանին վերցուած պատերազմական գերիներու եւ քաղաքայիններու ազատ արձակումը, սադրիչ եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն հրաժարումը` ի նպաստ կառուցողական հիմքի վրայ խաղաղ բանակցութիւններու մէջ անկեղծ մասնակցութեան` լուծելու համար առկախուած խնդիրները, ի շահ Կովկասի ամբողջ շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ բարգաւաճման:
Կոչը ստորագրած երեսփոխաններն են` Էնրիքօ Այմի, Փաոլա Պինեթի, Սթեֆանօ Պորկեզի, Անտրէա Քանճինի, Մասիմիլիանօ Քափիթանիօ, Էմիլիօ Քարելլի, Լաուրա Քաւանտոլի, Ճուլիօ Չենթեմերօ, Եարի Քոլա, Վիթօ Քոմենչինի, Անտրէա Տել Մասթրօ Տելլէ Վետովէ, Ռոպերթօ Փաոլօ Ֆեռարի, Փաոլօ Ֆորմենթինի, Նիքոլօ Ինվիտիա, Ալվիզէ Մանիերօ, Ելենա Մուրելի, Միքելէ Նիթի, Ճուզեփինա Օքիոներօ, Անտրէա Օրսինի, Ալեսանտրօ Փականէ, Թուլիօ Փաթասինի, Ֆլաւիա Փիքոլի Նարտելի, Քաթիա Փոլիտորի, Ալպերթօ Ռիպոլա, Մաթէօ Սալվինի եւ Օրիեթա Վանի:



