Պայքար` Նաեւ Բանաւոր
Բռնութեան Դէմ
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Սեռային հիմքի վրայ գործուած բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւը խորհրդանշական դրսեւորում մըն է այն պայքարին, որ տարիներէ ի վեր կը մղուի նման պարագաներու ընթացքին:
Այս տարի կը լրանայ սեռային հիմքի վրայ գործուած բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւին 30-ամեակը: Արշաւին նպատակն է բարձրաձայնել եւ լուսարձակի տակ առնել բոլոր այն բռնութիւնները, որոնք անարդար կերպով կը գործուին մարդ արարածներուն դէմ` ըլլան անոնք իգական թէ արական սեռի ներկայացուցիչներ, սակայն հիմնականին մէջ` կիներու: Այդ բռնութիւնները կը գործուին նաեւ տարբեր ցեղերու ներկայացուցիչներուն դէմ, յատկապէս` սեւամորթներուն, անչափահասներուն դէմ, տան աշխատանքները կատարող օգնականներուն դէմ, պաշտօնեաներուն դէմ եւ այլն:
Սեռային հիմքի վրայ գործուած բռնութիւնը կրնայ նաեւ բանաւոր ըլլալ` սպառնալիքի, արժեզրկելու, նուաստացնելու, հոգեկան ճնշում բանեցնելու եւ ինքնավստահութիւնը խոցելու միտումով:
Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` կ՛արժէ կեդրոնանալ քաղաքական կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունենալու կիներուն դէմ գործուած բռնութեան վրայ: Այս պարագային բռնութիւնը բանաւոր բնոյթի է եւ կը միտի կիները հեռու պահել քաղաքական որոշում տալու իրաւունքէն, ղեկավար դիրքերու հասնելու կարելիութենէն, ինչպէս նաեւ` քաղաքական կեանքին մէջ որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու հնարաւորութենէն:
Լիբանանի մէջ այս թեմաներով շատ մը միութիւններ կը գործեն: Անոնցմէ առաջատար դիրքի վրայ կը գտնուի Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը, որ ճիգ չի խնայեր կնոջ իրաւունքները յարգելու ի նպաստ օրինագիծներ մշակելու, քաջալերելու կիներուն մասնակցութիւնը` իբրեւ թեկնածուներ, քաղաքապետական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը նաեւ կը ջանայ գործադրել ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւը, որուն հիման վրայ կինը պէտք է իր տեղը ունենայ ղեկավար մարմիններու մէջ, ուր վերջնական ու վճռական որոշումներ կը տրուին:
Լիբանանի մէջ կան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն քաղաքական ասպարէզի մէջ գտնուող կիները աւելի եւս ուժեղացնելու: Անոնք յատուկ ծրագիրներ կը գործադրեն այս նպատակով, ինչպէս նաեւ աշխատանիստեր ու սեմինարներ կը կազմակերպեն քաղաքական կեանքին մէջ կիներուն դերակատարութիւնը հզօրացնելու նպատակով:
Կիներու ուժեղացման շրջագիծին մէջ համաշխարհային առումով իր կշիռը ունեցող այս արշաւը ինքզինք կը պարտադրէ բոլոր շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` բոլոր կուսակցութիւններուն, հոսանքներուն եւ շարժումներուն մէջ:
Անդրադառնալով լիբանանեան աւանդական կուսակցութիւններուն եւ քաղաքացիական շարժումի տարբեր հոսանքներուն գործունէութեան մէջ ընդգրկուած կին ներկայացուցիչներուն` կարելի է հաստատել, որ այս վերջիններուն պարագային զգալիօրէն աւելի մեծ թիւով կիներ ընդգրկուած են այդ շարժումներուն կատարած քաղաքական գործունէութեան պարագային:
Սակայն նկատի ունենալով աւանդական կուսակցութիւնները` հոն կիներուն համեմատութիւնը աւելի քիչ է, բայց եւ այնպէս կան քաղաքական հոսանքներ, որոնք լրջօրէն կը հաւատան քաղաքական կեանքին մէջ կնոջ շինիչ ու նպաստաւոր դերակատարութեան եւ կը քաջալերեն անոր ներկայութիւնը:
ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան կառոյցը իր կարգին կը գործէ ճիշդ անձը իր ճիշդ պաշտօնին համար նշանակելու կարգախօսին համաձայն եւ այդ մէկը կը կատարէ առանց սեռային խտրութեան:
Փաստօրէն լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքական բարձրագոյն մակարդակի իր ներկայացուցիչէն սկսեալ, անցնելով Ա. եւ Բ. կարգի պետական պաշտօնեաներու իր չափաբաժինէն` մեծամասնութեամբ ներկայացուած է կիներով, իսկ հասնելով իր մարմիններուն եւ ուղեկից միութիւններու շրջանային ներկայացուցիչներուն` անոնք կիներ են:
Լիբանանահայ գաղութին ծառայող տարբեր հաստատութիւններու եւ կառոյցներու պարագային կիները կը զբաղեցնեն պատասխանատու պաշտօններ` տնօրէնութենէն սկսեալ մինչեւ բաժնի պատասխանատուներ, խորհրդականներ եւ այլն:
Անձնական փորձառութենէ մեկնած` կրնամ վկայել, որ լիբանանեան կուսակցութիւններու գործունէութեան պարագային կուսակցական աշխատանքի ընդգրկած տարբեր ոլորտներուն մէջ կիներուն ներկայութիւնն ու ստանձնած պաշտօնները սահմանափակ են եւ կը սահմանափակուին այդ կուսակցութիւններուն կատարած ընկերային եւ այլ ծառայութիւններու բաժնի պատասխանատուութիւններով:
Մինչդեռ, ՀՅ Դաշնակցութեան կառոյցին պարագային, իգական սեռի ներկայացուցիչները հասած են բարձր պաշտօններու եւ իրենց արժանիքներով ստանձնած` ծանր պատասխանատուութիւններ, ինչպէս նաեւ դարձած` կուսակցութեան տարբեր միաւորներուն պատասխանատուները:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ հարց կամ խնդիր ունի իր ղեկավար մարմիններուն համար կիներու ներկայացուցչութիւնը ընդունելու, բայց եւ այնպէս տակաւին կայ հայրիշխանութեան դրութեամբ տարուած որոշ մտածողութիւն, որ ժամանակի ընթացքին աւելի եւս պիտի փարատի` յաւելեալ փայլք տալով կուսակցութեան յառաջադէմ պատկերին:
Անխոնջ պայքարը պիտի շարունակուի կիներուն դերակատարութիւնը միայն տիկնանց յանձնախումբերու աշխատանքին մէջ պատկերացնելու սահմանափակ տեսադաշտերուն դէմ, ջանք պիտի թափուի միասնաբար կոտրելու այն կարծրատիպը, որուն համաձայն, յանձնախումբի մը, մարմինի մը կամ կոմիտէի մը անդամ կին ներկայացուցիչը հոն է, որովհետեւ ան քարտուղարութիւն պիտի ստանձնէ:
Տարբեր պարտականութիւններ ստանձնելու պարագային, տղամարդը պիտի սորվի չնուաստացնել կինը, իսկ կինը պիտի սորվի անտեսել նուաստացումը եւ իր գործով արդիւնքներ արձանագրել, ինչպէս նաեւ` անվարան մասնակցութիւնը բերել ու ներգրաւուիլ քաղաքական աշխատանքներու մէջ:
Իսկ կնոջ մը պաշտօն յանձնուելու պարագային, անոր առաջին զօրակիցն ու նեցուկը պիտի ըլլան իգական սեռի ներկայացուցիչները, որպէսզի ան աւելի հաստատ քայլերով յառաջանայ եւ ոչ թէ անտեղի քննադատութեան ենթարկուի նոյնինքն կնոջ կողմէ:
Երկու սեռերու ներկայացուցիչներուն համար յստակ պէտք է դառնայ, որ հաւաքական աշխատանքին մէջ կինն ու տղամարդը զիրար կ՛ամբողջացնեն:
Սեռային հիմքի վրայ գործուած բռնութիւնը, նոյնիսկ` իր բանաւոր վիճակին մէջ, պէտք է փարատի, որովհետեւ կինն ու տղամարդը հաւասար են: