Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքցանի Մէջ

Դեկտեմբեր 6, 2021
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Սկսինք այն բանէն, որ Արեւմուտքը այսօր բացարձակապէս տրամադիր չէ միջամուխ ըլլալու եւ իրավիճակային փոփոխութեան որեւէ նախաձեռնութիւն գլխաւորելու հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան հանգուցալուծման մարզին մէջ: Այս առումով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան բանակցային գործընթացը ԻՐԱԿԱՆ ՀՈՂԻ ՎՐԱՅ մեռեալ պէտք է համարել, եւ այս կապակցութեամբ, ներկայիս կրկնուող յոյսի հռետորաբանութիւնը որեւէ վստահելի հիմնաւորում չունի:

Արեւմուտքը այդ գործընթացը շնականօրէն «նուիրած» է Մոսկուային: Ան առայժմ «զօրավիգ» պիտի կանգնի Մոսկուայի «խաղաղեցման» նախաձեռնութիւններուն թոյլ տալով, որ փանթրքութիւնը Հայաստանի գործնական լուծարումով, արմատանայ Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ: Իսկ հետագայի՞ն®այդ մէկը արդէն նոր խաղադաշտ է ըլլալու Արեւմուտքի եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի համար, որմէ ներս Արեւմուտքը կը յուսայ գործել տիրական խաղաքարտերով` յուսալով փանթրքութիւնը գործածել որպէս հուժկու զէնք Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դէմ:

Խօսելով Մոսկուայի ներկայ իրականութեան մասին, առանց այլեւայլի պէտք է կանգ առնել այն հաւանական գործօնին վրայ, որ Մոսկուայի տէրերը այսօր կաշառուած են Ալիեւի եւ Ալիեւի ետին գտնուող համաշխարհային ցանցի շահերուն կողմէ: Միաժամանակ Փութին կը յուսար, այնուամենայնիւ, խաղալ ուժային հզօր խաղ մը Կովկասի մէջ: Այսինքն Ալիեւը «կշտացնելով» Հայաստանի եւ Արցախի հաշուոյն եւ գործածելով մեծապետական իր զէնքերը` Ազրպէյճանը բաժնել Թուրքիայէն եւ զայն առնել իր մականին տակ,  փայփայելով այն հեռակայ հաշիւը, որ ինք կրնայ մեքենայել (manipulate) ուժերու դասաւորումը տարածաշրջանին մէջ եւ իր թաթին տակ առնել Սիւնիքի միջանցքը եւ ի՛նք ըլլալ խաղականոնը հաստատողը® եւ այս բեմախաղը յաջողեցնել` կրկին Հայաստանի եւ Արցախի «գրպանէն»:

Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօք Փութին ի վիճակի՞ է այսօր այս բարդ խաղը յաջողութեամբ գլուխ հանելու: Այս հարցումին պատասխանը տալու օրը այսօր չէ, որքան ալ ճակատագրական բնոյթ ունենայ ան Հայաստանի եւ Արցախի համար: Անյայտները բազմաթիւ են եւ` մեծապէս անգուշակելի:

Այսօրուան ճնշիչ իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան կը գտնուի լայնօրէն պատանդուած կացութեան մէջ` Մոսկուայի նկատմամբ: Ան զուրկ է լծակային խաղաքարտերէ: Պարտութեան վարչակարգի ձախաւեր քաղաքականութիւնը աւելի եւս դժուարացուցած է գործընկերային յարաբերութիւնը Մոսկուայի տէրերուն հետ: Փութին եւ Ալիեւ կը գտնուին գործընկերային յարաբերութեան մէջ: Մինչդեռ Փութին կը վերաբերի Հայաստանի իր պաշտօնակցին հետ հրահանգողի դիրքերէն, չըսելու համար` ճորտատիրոջ:

Հայաստան եւ Արցախ, ըստ էութեան, կենսական խարիսխներ են Ռուսաստանի համար: Ոչ ոք կ՛ուրանայ այս փաստը: Եթէ Մոսկուա առաջնորդուի Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական առաջնահերթութիւններով միայն, հայկական կողմը ապահով զգալու իրական հաւաստիքներ ունի: Բայց Ալիեւ կրցած է քանդել այս հաւասարութիւնը: Ան կրցած է հակասող առաջնահերթութիւններ ստեղծել Մոսկուայի մէջ: Մոսկուայի տէրերու որոշողական գործընթացը մատնել երկուութեան: Հեռահաս հաշիւները խանգարել մերձահաս փորձութիւններով: Ալիեւ կրցած է ազրպէյճանական քարիւղը ծառայեցնել Ազրպէյճանի կայացման: Անոր անկախ պետականութեան ամրապնդման, եւ ատով իսկ` ամրապնդել ալիեւներու հարստութեան (dynasty) մշտնջենաւորումը: Կարեւոր չէ, թէ այս հրաշալի մեղրամիսը որքա՛ն երկար կը տեւէ: Կարեւորը այն է իրեն համար, որ այսօր Հայաստան փուլ կու գայ որպէս անկախ պետականութիւն, եւ փանթուրքիզմի կայսերական լաւան կը յառաջանայ դէպի Կովկաս, դէպի Կեդրոնական Ասիա, դէպի Ռուսաստանի սիրտը, եւ այս բոլորը,  տարօրինակ պատմական խօլակարծութեամբ (paradox) մը, տեղի կ՛ունենայ Մոսկուայի պատեհապաշտ տէրերու օգնութեամբն իսկ: Վաղուան պատմութիւնը կրնայ Ալիեւին շնորհել Արեւելքի Քեմալը եղած ըլլալու մրցանակը, եւ անշուշտ` նորէն ի հեճուկս հայ անկախ պետականութեան:

Ելք կա՞յ միթէ մեզի համար այս դաժան ճանկըլին (jungle) մէջ: Իմ կարծիքով, այո՛: Հայաստան եւ Արցախ անզէն չեն այս կացութեան առջեւ: Հայկական զօրաշարժը կրնայ շատ բան փոխել կացութեան մէջ, եթէ այդ զօրաշարժը իրականութիւն դառնայ: Բանալի նշանակութիւն ունի այս եթէն, որ նաեւ կը նշանակէ, թէ ան կրնայ չիրագործուիլ® Յամենայն դէպս այդ զօրաշարժը պէտք է ըլլայ բազմակողմանի ու բազմաշերտ եւ անմիջապէս ուղղուի արագ իշխանափոխութիւն յառաջացնելու նպատակին: Ինծի կը թուի, թէ Փաշինեան` ի՛նք լուրջ պատճառ ունի այսօր իսկ հրաժարական ներկայացնելու, որպէսզի կարողանայ մաս կազմած ըլլալ ազգային փրկութեան գործընթացին: Այդ զօրաշարժը պէտք է մանաւանդ թիրախաւորէ թշնամին: Դիմադրական հուժկու շարժումը պէտք է հասնի թշնամիի (եւ բարեկամի՛) աքիլլէսեան կրունկներուն: Պարզ խօսքով, Հայաստանը վերստին պէտք է համարձակօրէն մտնէ տարածաշրջանի ուժային յարաբերութիւններու քարտէսէն ներս` գործածելով բոլոր իր կարողականութիւնները անխտիր: Ասիկա բոլորովին այլ տիեզերք մըն է եւ քաղաքական կամքի այլ մակարդակ մը, որո՛վ միայն կարելի է շրջել պատմութեան անիւը եւ ճամբայ հանել նոր եւ իրական վերելքը մեր կեանքին մէջ:

16 նոյեմբեր  2021

 

Նախորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Յաջորդը

Արամի Ոգեկոչումը` Արամականութեան Հիմնարկեք…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Comments 1

  1. Արմենակ Եղիայեան says:
    3 years ago

    Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ նախատեսութիւնը ճիշդ է. Փաշինեան յոգնած է իշխանութենէն եւ անկէ դուրս գալու ելք կը փնտռէ: Պէտք է օգնել իրեն այդ քայլը առնելու:

    Reply

Leave a Reply to Արմենակ Եղիայեան Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?