Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Դեկտեմբեր 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեռային Բռնութիւն Եւ Ցեղասպանութիւն
Հնարաւո՞ր Է Պատմել

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Սիւզան Խարտալեան

Ես ծառ մը ունիմ, իմ ծառս Սթոքհոլմի մէջ:

Ամէն առաւօտ ես ու ծառը կը խօսինք:

Չորցած ծառ մըն է, կմախքային:

Հեռուէն հսկայական կ՛երեւի. չեմ գիտեր ինչո՛ւ քաղաքապետարանը որոշած է զայն պահել… երեւի սուրբ ծառ է. եւ ես ամէն առտու ծառին մօտէն անցնելու պահուն, բարձրաձայն  կը կրկնեմ Թումանեանի «Հին օրհնութիւն» բանաստեղծութեան տողերը.

«Կանաչ վիթխարի ընկուզենու տակ

… Մեր հսկայ պապերն ու մեր հայրերը` գիւղի տէրերը»:

Այնուամենայնիւ, ընկուզենի չէ իմ ծառս, ընկուզենի աճեցնելու բոլոր իմ փորձերս ձախողեցան անցնող երեսուն  տարիներուն. իմս կաղնի մըն է, ըստ քաղաքապետարանին, 200 տարեկան` կմախք: Այդ չոր ճիւղերը` կարծես գմբէթ շինած, կը պահեն գետնի մօտիկ իրենց գաղտնիքը`  ծառի բունը ծակ է, կարծես ժամանակը  թողելու մեծ անցք մը ըլլայ: Այս հոյակապ կաղնին դեռ պահպանած է իր ձեւը: Գեղեցիկ, փայտացած ճիւղերը վեհութեամբ դեռ կը խոյանան  դէպի երկինք: Բայց, ինչպէս ըսի, ծառը մեռած է. անիկա մահացած է աւելի քան երեսուն տարի առաջ: Կարծես յուշարձան է, անհետացած մարդոց եւ բաներու յուշարձան:

Կը զարմանամ, որ ոչ ոք որոշած է զայն կտրել:

Կաղնիս  համր է. դուն չես լսեր անոր  տերեւներուն խշշոցը:

Ծառս կորսնցուցած  է իր  արմատները, կտրուած  է հողէն այնպէս, ինչպէս ես: Կանգուն է առանց արմատներու: Ապրող, բայց մեռած. մեռած, սակայն ապրող`ճիշդ այնպէս, ինչպէս ես, իմ մշակոյթս, իմ մայրենի լեզուս, իմ պատմութիւնս:

Ես լի եմ մեռնող կամ մեռած բառերով: Անկենդան գոյութիւն է իմ ինքնութիւնս` անհետանալու ճանապարհին:

Ինչո՞ւ կը  գրեմ իմ ծառիս մասին: Կաղնին մէջս կ՛արթնցնէ աշխարհ մը, որ կարծես որեւէ պահու պիտի անհետանայ: Բայց ինծի համար գրաւիչ է ճիշդ այս իւրայատուկ վիճակը` կիսամեռ գոյութիւնը, կիսով չափ ողջ ըլլալը:

Ի՞նչ կ՛առաջարկէ մեռած ծառը: Յամենայնդէպս` ո՛չ կեանք:

Ահա այսպէս է յիշողութեան նկատմամբ իմ հետաքրքրութեանս սկզբնաւորութիւնը եւ անոր արտացոլացումը իմ աշխատանքիս մէջ:

Ինչո՞ւ մենք կը յիշենք իրեր, մարդիկ, իրադարձութիւններ: Ի՞նչ է յիշողութիւնը: Ի՞նչ բան մենք կ՛ընտրենք յիշել եւ ի՞նչը կ՛որոշենք  մոռնալ: Միթէ մենք որոշումի ընդունա՞կ ենք կամ հնարաւորութիւն ունի՞նք որոշելու: Որքա՞ն կրնանք ազդել յիշողութեան ձեւաւորման գործընթացին վրայ:

Իսկ ինչո՞ւ մենք կը յիշենք Ցեղասպանութիւնը: Ինչո՞ւ կ՛ուզենք յիշել ցաւը: Ինչո՞ւ կ՛ուզենք  փոխանցել զայն մեր սերունդներուն: Սորվելու որեւէ բան կա՞յ մեր Ցեղասպանութենէն:

Փաստօրէն, մեր յիշողութիւնը ընտրողական է. նաեւ մոռացումը -amnesia- ընտրողական է: Ինչո՞ւ մենք կ՛որոշենք յիշել Հայոց ցեղասպանութեան որոշ պատմութիւններ, բայց կը դժուարանանք նոյնիսկ նշել որոշակի  այլ պատմութիւններ:

Ես արդէն աւելի քան երեք տասնամեակ է կը պայքարիմ այս հարցերուն հետ: Այս հարցերը  իմ ֆիլմերուս հիմքը կը կազմեն:

Վաւերագրական ֆիլմը  նկարաշարի յաջորդականութիւն է, որ կը  շաղկապէ  պատումը, հնարաւոր կը դարձնէ  մտապատկերումի փոխանցումը` նկարներու միջոցով:  Ասիկա ֆիլմի խմբագրման   դասական մօտեցում է:  Իւրաքանչիւր նկարաշար «ժամանակի մէկ պատառիկ» է, եւ ամբողջութիւնը` սառեցուած պահերու համախմբում: Սառեցուած պահերը կեանքի իրադարձութիւններու մնայուն հոսքէն  վերցուած պատառիկներ են: Իսկ ֆիլմ նկարահանել կը նշանակէ արհեստական ճանապարհներով կանգնեցնել ժամանակը: Ֆիլմի ներկայացուցած ժամանակը միանուագ չէ, այլ` ցատկելով մէկ դէպքէն միւսը, մեզի` ֆիլմ դիտողներուս, կը պարտադրէ կանգ առնել որոշ  ընտրովի հատուածներու վրայ. պատկերացուցէք, որ ժամանակի շարունակական հոսքէն պատառիկներ  մերթ ընդ մերթ վեր կը բարձրանան ջուրի երեսէն եւ իրենք իրենց կեանքը կ՛ապրին:

Հերակլիտոս կը  փորձէր պատմութիւնն ու ժամանակը ըմբռնել համաշխարհային իրադարձութիւնները մեծ, համաշունչ միաւորի մը մէջ ուղղորդելով: Ամէն ինչ շաղկապուած էր: Իսկ Դեմոկրիտոսը ժամանակը կը հասկնար իբրեւ մեծ ովկիանոս մը,  ուր կը բարձրանան բազում ալիքներ` մեծ ու փոքր պայթիւններով, ժայթքումներու լայն տարածք մը: Եւ կարեւորը` իւրաքանչիւր իրադարձութիւն  եզակի է: Ի տարբերութիւն առաջին հայեցակարգին, հոսող գետի փոխարէն ֆիլմը լուսարձակի տակ կ՛առնէ եւ  կը բացայայտէ իւրայատուկ պահեր, կը վերծանէ անոնց  կարեւորութիւնը: Ժամանակին տալով մասնատուած տեսք` ֆիլմը  կ՛ըսէ, որ չկայ մէկ մեծ գետ, կամ յաւերժ հոսող ժամանակ: Տեսախցիկը կը հաւատացնէ, որ չկայ մէկ մեծ համաշունչ պատում, հետեւաբար չկայ ներդաշնակ պատմութիւն:

Այս բոլորը կը նշեմ խօսելու համար աշխատանքի իմ ոճիս մասին: Մեկնակէտս եղած է ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ, երբ  կ՛որոշես պատումը ընել ժայթքումներու շարքով: Ես համոզուած եմ, որ այս մօտեցումը դուռ կը բանայ պատմութեան նոր մեկնաբանութեանց: Տեսախցիկը կը մասնատէ ժամանակը, հետեւաբար` աշխարհը, եւ մենք  երբեք չենք կրնար տեսնել, թէ ի՛նչ պատահած է  որոշակի հատուածէ մը առաջ կամ ետք: Ժամանակը` իբրեւ ժայթքումներու ծով, մեզի կարելիութիւն կու տայ իւրաքանչիւր նկար տեսնել իբրեւ անկախ էութիւն մը, որ ազատօրէն կը շարժի տարածութեան եւ ժամանակի մէջ:

Այսուհանդերձ, Հերակլիտի եւ Դեմոկրիտոսի ժամանակի հասկացութիւնները հակասական չեն. ֆիլմի տեսաշարը, առանձին լուսանկարները  սառեցուած պահեր չեն, այլ, իմ համոզումովս, «իրերու վիճակ»: Եւ ֆիլմը կը դառնայ այն մեքենան, որ այս «իրերու վիճակը» կը դարձնէ  հասկնալի:

Ժամանակի մասին այս ներածութիւնը ըրի, որպէսզի անդրադառնամ իմ աշխատանքիս, որուն թեման վաղուց արդէն ցեղասպանութիւնն է, եւ ի մասնաւորի`  Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Վերադարձ դէպի Արարատ», «Ես շուները կ՛ատեմ» եւ «Տատիկիս դաջուածքները» նկարելու ընթացքին  ես գիտակցաբար փորձած եմ  չսահմանափակուիլ պատմելու  արուեստի աւանդական  ձեւով եւ ցոյց տալ, որ ցեղասպանութեան պատկերումը հնարաւոր չէ ներդաշնակ ու համահունչ յաջորդականութեամբ շարադրելը, այլ պատումը կարելի է միայն` ծովու երեսին պայթող ժայթքումներու լուսաւորմամբ:

Ֆիլմը ոչ միայն կարելիութիւն կու տայ նկարահանել այս կատաղի ժայթքումները, այլ նաեւ կը ներառէ ու տեսանելի կը դարձնէ այն ուժը, որ առկայ է այս պոռթկումներուն մէջ: Միայն այս ձեւով  մենք կրնանք հասկնալ այն ուժը, որ կը գոյատեւէ  վերապրածներուն  եւ անոնց ժառանգորդներուն պատմութիւններուն մէջ:

Վաւերագրական ֆիլմերու ստեղծումը ինծի համար երբեք չէ եղած փաթեթաւորման եւ ժամանակի պահպանման միջոց, այլ նպատակս  եղած է  մարդոց կարելիութիւն տալ  վերապրիլ  փորձառութիւն մը, որ իր բնոյթով հրատապ է եւ առանձնայատուկ: Նպատակս եղած է  բռնել թրոմաթիք  (traumatic) ժամանակի պատառիկներ, բեկորներ: Իւրաքանչիւր քատր, իւրաքանչիւր նկար, իւրաքանչիւր տեսարան յստակ աշխարհընկալման հաստատում է` հանդիսատեսին յիշեցնելու, որ իրականութեան մէջ  մեր խնդիրները հասկնալու համար պատրաստի լուծումներ եւ պատասխաններ  չկան:

Կայ յստակ կապ տեսախցիկին եւ թրոմաթիք յիշողութեան կառուցուածքի եւ գործառութեան միջեւ: Հոգեխոցը (Trauma) ժամանակի եւ յիշողութեան խանգարում է: Հոգեխոցը ինքնին յայտնի իրադարձութեան արդիւնքը չէ, այլ այդ փորձառութեան արձանագրութեան ձախողած ճիգն է` արձանագրուած մարդու ուղեղին կողմէ, սակայն երբեք չէ  վերածուած  իմաստալից յիշողութեան: Հոգեխոցը կ՛արգելափակէ սովորական մտաւոր այն գործընթացները, որոնք փորձառութիւնն ու փորձը կը վերածեն յիշողութեան: Վաւերագրական ֆիլմը կրնայ ոչ հասանելի փորձառութիւնը հասանելի դարձնել,  հասանելի դարձնել բան մը, որ հնարաւոր չէ յիշել, բայց, միեւնոյն ժամանակ, կարելի չէ մոռնալ: Ֆիլմը կրնայ դիտողը դրդել` առերեսուելու անցեալի պահուան մը հետ,  ապրուած պահուան մը, որ  կը մնայ ոչ իւրացուած, չմարսուած, հետեւաբար ալ` անհասկնալի:

Ցեղասպանութիւնը հայերուս համար վերածուած   է հաւաքական հոգեխոցի. պատմական այնպիսի իրականութեան մէջ, ինչպիսին է ցեղասպանութիւնը, ճշմարտութեան հասնելու պարզ ուղիներ չկան: Ես իմ ֆիլմերովս փորձեր եմ ճշդել այդ անորոշութիւնները, վախերն ու կասկածները` այլ խօսքով  չլուծուած չմարսուած խնդիրները: Ես երկար ատեն աշխատած եմ  վերապրածներու հետ: Անոնց յիշողութիւնները, անոնց մասնատուած, բեկորացած  պատմութիւնները կը վկայեն եզակի փորձառութեան մասին, սակայն պատումը չունի  ներդաշնակութիւն: Վերապրողները մեզի կը փոխանցեն  ժայթքումներու շարք մը: Ֆիլմի միջոցով մասերու  գումարը  կը դառնան  մէկ, կ՛ունենան համահունչ շարադրանք: Չմարսուած այդ յիշողութիւններու շարքին էր Ցեղասպանութեան ընթացքին սեռային բռնութեան  համատարած երեւոյթը. իմս փորձ մըն է  սեռային բռնութեան թեման բանալու, վերադարձնելու մեր ատենախօսութեան (discourse), զայն դարձնել իրական, ապրուած, որպէսզի ի վերջոյ ստանայ իմաստ եւ վերածուի յիշողութեան, այս պարագային` ուսուցանելի յիշողութեան:

Խօսքը փորձառութեան հետ նոյնանալու մասին չէ,  այլ  անոր տալու  դէմք ու դիմագիծ, միս ու ոսկոր, ցաւը կրող ունեցող, դարձնել մասնաւոր: Ցեղասպանութենէն վերապրածները այլեւս մեզի հետ չեն, եւ անոնց պատմութիւնները դադրած են մասնաւոր ըլլալէ: Վկայութիւնները այնքան ընդհանուր են, որ կորսնցուցած են իրենց մարդկային չափերը: Անոնք այլեւս դարձած են թիւեր: Իսկ մարդու համար հեշտ է հասկնալ մէկ ողբերգութիւն, մէկ մահ եւ իւրացնել զայն: Բայց մարդ արարածը երբեք չի կրնար իւրացնել մէկ միլիոն մարդու սպանութիւնը,  ուղեղը կը մերժէ իւրացնել ոճիրը, եւ ան  կը մնայ անհասկնալի: Մեր միտքը պարզապէս չի կրնար  իմաստաւորել եղածը:

Կ՛ուզեմ շեշտել, որ նպատակս  վերապրողներու յիշողութիւններուն ճշմարտացիութիւնը կասկածի տակ դնելը չէ: Անկասկած, այն, ինչի միջով անոնք անցան, գերդաժան էր: Բայց ճիշդ այդ իսկ պատճառով այս պատմութիւնները պէտք է տեղաւորուին իրենց ճիշդ պարունակին մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ ես  կը շարունակեմ վերադառնալ մասնաւորին, անհատին, ճշգրիտին: Միայն անձնական ցաւի եւ տառապանքի միջոցով կարելի է մօտենալ մեծ սարսափին, աղէտին:

(Շար. 1)

 

 

Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն

Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:

  • ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն  01-253796
  • «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
  • Ազգային առաջնորդարանի ընկերային  ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
  • Abaad 01-283820
  • Himaya 03-414964
  • Idraac 01-583583
  • Embrace 1564
  • Kafa 1745
Նախորդը

Կարեւորը Վերստին Չիյնալն Է Պատմաքաղաքական Ծուղակներուն Մէջ

Յաջորդը

Աքցանի Մէջ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?