Երէկ` երեքշաբթի, 30 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ Փաշինեանին յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ողջոյնները եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապերու ամրապնդման ուղղուած ջանքերը: Անոնք միտքեր փոխանակեցին շրջանային տարբեր հարցերու վերաբերեալ, յատկապէս քննարկեցին 15 դեկտեմբեր 2021-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի վարչապետը կարեւոր նկատեց 15 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովը, քննարկուեցան վեհաժողովի օրակարգին վերաբերող հարցեր:



