Զուիցերիացի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր, որ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներուն, յայտարարեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 2022-ին տեղի ունենալիք Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին:
40 տարեկան Ֆետերեր ծունկի վիրաբուժութեան պատճառով ժամանակէն առաջ աւարտեց այս տարեշրջանը Ուիմպըլտընի մրցաշարքէն անմիջապէս ետք` քառորդ աւարտականին իր կրած պարտութենէն ետք:
Նշենք, որ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 17-30 յունուար 2022-ին: