Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Ազրպէյճանի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Գաբրիէլ Սարգսեան (2664) սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շահրիար Մամետեարովի (2765) հետ, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2624) ճերմակ քարերով` Թէյմուր Ռաճապովի (2763) հետ, Սամուէլ Տէր Սահակեան (2615) ճերմակ քարերով` Նիճաթ Ապպասովի (2634) հետ եւ վերջապէս Ռոպերթ Յովհաննիսեան (2622) սեւ քարերով` Ռաուֆ Մամետովի (2673) հետ:
Երկու խումբերն ալ, որոնք այժմ ունին 9-ական կէտ, կը բաժնեն 2-3-րդ դիրքերը` կէտով մը միայն ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռուսիայէն: