Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Ռուսիոյ Տուած Սահմանազատման Եւ Սահմանագծման Նախապատրաստական Փուլին Վերաբերեալ Առաջարկները Ընդունելի Են Մեզի Համար»

November 19, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 18 նոյեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ, հակառակ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ նախօրէին հաստատուած հրադադարին, 17 նոյեմբերի ուշ երեկոյեան ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները անկանոն կրակ բացին Տաւուշի մարզի հայ-ազրպէյճանական սահմանի կարգ մը ուղղութիւններով. պատասխան գործողութիւններէ ետք կրակոցները դադրած են:

Ըստ նախարարութեան, 18 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ի դրութեամբ իրավիճակը սահմանին յարաբերականօրէն կայուն եղած է:

Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ ճշդուած է ինքնութիւնը 16 նոյեմբերի մարտերուն ընթացքին զոհուած հայ զինուորին, որուն դիակը Ռուսիոյ Հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ յատուկ թռիչքով Պաքուէն Երեւան տեղափոխուեցաւ: Սպան 31-ամեայ աւագ տեղակալ Տարօն Սահակեանն է:

Մարտերուն ընթացքին անհետ կորսուած 24 զինուորներու յայտնաբերման, ինչպէս նաեւ գերեվարուածներու վերադարձի աշխատանքները կը շարունակուին:

Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը նաեւ հերքեց մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ  շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, թէ 14 նոյեմբերին հայկական կողմը 6 ազրպէյճանցի զինուոր գերեվարեց, այնուհետեւ գաղտնաբար վերադարձուց զանոնք: «Բացարձակ ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ: Աւելի քան ակնյայտ է, որ նման իրադրութեան պարագային հայկական կողմը գերիներու առնուազն համարժէք փոխանակում կ՛իրականացնէր», յայտնեց նախարարութիւնը:

Իսկ 18 նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանազատման եւ սահմանագծման նախապատրաստական փուլին վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուցած է: Փաշինեան մանրամասնութիւններ չտուաւ, միայն ըսաւ, որ ռուսական կողմին առաջարկը ընդունելի է Հայաստանի համար:

Ան նաեւ յանձնարարեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին` Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ ճշգրտելու մանրամասնութիւնները: «Փորձենք իրագործել առաջարկները` Ռուսիոյ առաջարկներուն ծիրին մէջ եւ անոնց հիման վրայ», նշեց Փաշինեան:

 

Նախորդը

Միրզոյեան Եւ Զաս Քննարկեցին Անհրաժեշտութեան Պարագային ՀԱՊԿ-ի Ծիրին Մէջ Քայլերու Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընտրուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

RelatedPosts

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

February 25, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

February 25, 2026
Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
Գլխաւոր լուրեր

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.