Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսայի թեքուանտոյի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լեթիսիա Աուն Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը, երբ 57 քկ դասակարգէն վար մրցումներուն հանդիսացաւ երկրորդ:
Կիսաւարտականին ան 8-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պելճիքացի իր մրցակիցը, որ աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 12-րդ:
Աւարտականին սակայն, ան 26-16 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչէն:
Այս առիթով Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ շնորհաւորեց Լիբանանի անունը միջազգային գետնի վրայ բարձր պահած մարզիկը: