Նախանցեալ օր, Եւրոպայի գօտիին մէջ իրենց աւարտին հասան 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին բոլոր մրցումները եւ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան Քաթարի իրենց տոմսերը ապահովողներուն, ինչպէս նաեւ փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելիք խումբերուն անունները:
Տասը խմբակներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեցին Սերպիա, Սպանիա, Զուիցերիա, Դանիա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Խրուաթիա, Գերմանիա, Անգլիա եւ Նետերլանտներ:
Իսկ Սկովտիա, Չեխիա, Ռուսիա, Ուքրանիա, Շուէտ, Աւստրիա, Մակեդոնիա, Լեհաստան, Փորթուգալ, Կալես, Իտալիա եւ Թուրքիա պիտի մասնակցին փլէյ օֆի մրցումներուն:
Չեխիա եւ Աւստրիա փլէյ օֆի մրցումներուն մասնակցելու իրաւունք ստացան «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի
«Ազգերու Լիկա»-ի մրցաշարքին ամէնէն բարձր վարկանիշին շնորհիւ, այն խումբերէն, որոնք զտումի մրցումներուն (խմբակներու դրութեամբ) առաջին եւ երկրորդ դիրքերը չէին գրաւած:
Նշենք, որ փլէյ օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 26 նոյեմբերին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա):
Առաջին անգամ ըլլալով է, որ փլէյ օֆի մրցումներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումներ: