Հնդկաստանի Քոլքաթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող արագ ճատրակի «Թաթա Սթիլ Ինտիա» մրցաշարքին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ առաջին օրը կատարեց երեք մրցում եւ արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ:
Արոնեան, որ յաղթեց իր ամերիկացի եւ հնդիկ երկու մրցակիցներուն, առաջին օրուան ճակատումներէն ետք այժմ միանձնեայ կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Այսօր` հինգշաբթի, 18 նոյեմբերին, Արոնեան իր դէմ պիտի ունենայ վիեթնամցի, իրանցի եւ հնդիկ մրցակիցներ:
Այս մրցաշարքը, որ բաղկացած է 9 հանգրուանէ, կ՛աւարտի 19 նոյեմբերին: