Հայաստանի ներկայացուցիչ Սարգիս Ադամեան տիրացաւ ճատրակի հաշմանդամներու աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ադամեան առաւելագոյն 9 կէտէն 8,5 կէտ ապահովելով միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը` իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցներուն գերազանցելով կէս կէտով:
Միջազգային ճատրակի ֆետերասիոնը այս ախոյեանութիւնը կատարեց առցանց դրութեամբ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 249 ճատրակ խաղացողներ: