Խրուաթիոյ Լուցքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար («ԵՒՐՕ-2022») ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, ԺԱ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականը իր երրորդ մրցումին ճակատեցաւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ճիպրալթարի դէմ:
Վարազդատ Աւետիսեանի գլխաւորած կազմը արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, երբ 5-րդ վայրկեանին Երեւանի Արարատ-Արմենիայի 18 տարեկան յետսապահ Գոռ Առաքելեան նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր Սկովտիոյ (3-2), մինչ երկրորդին պարտուած Խրուաթիայէն (2-0), 6 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը եւ ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: