Հինգշաբթի, 25 նոյեմբերին, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.» Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ կը կատարէ 2021 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` ինքնաշարժներու վերաբերող բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն մէջ մրցանակային դիրքեր գրաւած վարորդներուն:
Այս միջոցառումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Կազմակերպիչ ակումբը, «Քորոնա» ժահրին դէմ զգուշացման գծով պէտք եղած բոլոր միջոցառումներուն պիտի նախաձեռնէ` վարորդներուն եւ հրաւիրեալներուն միջեւ հեռաւորութիւնները պահելու համար: