Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Ֆրանսայի դէմ, արձանագրեց 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Գաբրիէլ Սարգսեան պարտուեցաւ Ալիրեզա ֆիրուճայէն.։ Հայկ Մարտիրոսեան յաղթանակի համազօր հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ: Իրենց կարգին յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Հայրենի կազմը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի խմբային 8 կէտ:
Իսկ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վրաստանէն:
Լիլիթ Մկրտչեան յաղթանակ արձանագրեց, Սիրանուշ Ղուկասեան` հաւասարութիւն մը, մինչ Աննա Մ. Սարգսեան եւ Էլինա Դանիէլեան պարտութիւն կրեցին:
Ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ 9 հանգրուանէ: