Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շոյկու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարներուն Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնելու Լարուածութիւն Հրահրող Գործողութիւնները

Նոյեմբեր 17, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները հեռաձայնով քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան:

Նախքան այդ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նոր նշանակուած նախարար Սուրէն Պապիկեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Սերկէյ Շոյկուի հետ:

Զրոյցի ընթացքին Պապիկեան Շոյկուին ներկայացուցած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծի արեւելեան հատուածին վրայ 16 նոյեմբերին ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սադրանքէն ետք ստեղծուած կացութիւնը: Ան ընդգծած է, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածք ներխուժումը 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերու կոպիտ խախտում է եւ վտանգի տակ կը դնէ ամբողջ բանակցային հոլովոյթը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնած էր առաւելագոյն ջանք գործադրելու զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու, պատերազմական գերիները վերադարձնելու եւ կացութիւնը լուծելու համար:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Շոյկուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, գնդապետ-զօրավար Զաքիր Հասանովի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ: Պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ` Քիլիսալի լերան մօտ կացութեան սրումը: Շոյկուն երկու կողմերուն կոչ ուղղած է դադրեցնելու կացութեան սրումը հրահրող գործողութիւնները»:

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Զաքիր Հասանով եւ Հուլուսի Աքար քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ սրած կացութիւնը: Աքար յայտարարած է. «Թուրքիան այսօր, ինչպէս միշտ, Ազրպէյճանի կողքին է»:

 

Նախորդը

Փութինի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Ռայիսի. «Ոչ Մէկ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութիւն Կամ Շրջանի Երկիրներու Սահմաններու Փոփոխութիւն Ընդունելի Է»

Յաջորդը

Անն Լինտէ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Միջադէպերուն Առնչութեամբ Եւ Կը Յորդորէ Դադրեցնել Մագլցումը

RelatedPosts

Արցախի Բնակչութեան Շուրջ 80 Առ Հարիւրը`  Ամբողջութեամբ Տեղահանուած. Ազրպէյճան  Կը Ձերբակալէ Բարձրաստիճան Զինուորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Բնակչութեան Շուրջ 80 Առ Հարիւրը` Ամբողջութեամբ Տեղահանուած. Ազրպէյճան Կը Ձերբակալէ Բարձրաստիճան Զինուորականներ

Սեպտեմբեր 30, 2023
Փեսքով Արձագանգած Է Արցախի Հանրապետութեան Գոյութեան Դադրեցման Մասին Յայտարարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Ռուս Խաղաղապահներու Առաքելութեան Երկարաձգման Կարելիութիւնը Կը Քննարկուի Պաքուի Հետ»

Սեպտեմբեր 30, 2023
Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը  Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»
Հայկական

Ուաշինկթըն. «Պլինքըն Ալիեւի Վրայ Ճնշում Բանեցուցած Է Միջազգային Առաքելութեան Աջակցելու Համար»

Սեպտեմբեր 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In