Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որուն ընթացքին այլ հարցերու շարքին անոնք քննարկած են Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութեան: Վլատիմիր Փութին տեղեկացուցած է զինադադարի դրութեան պահպանման, տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման, շրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման հարցերով ռուսական կողմի նախաձեռնած քայլերուն մասին», կը նշուի Քրեմլինի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի ատկէ, քննարկուած են նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի եւ Սուրիոյ հարցերը:
Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռայիսի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, որ կ՛ողջունէ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կայունացման ուղղութեամբ ռուսական նախաձեռնութիւնը:
«Ոչ մէկ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն կամ շրջանի երկիրներու սահմաններու փոփոխութիւն ընդունելի է», ըսած է Ռայիսի` ընդգծելով շրջանի հարցերով երկու երկիրներու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած են. «Աշխարհաքաղաքական վիճակի եւ շրջանի երկիրներու սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն անընդունելի է»:
Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ մտահոգութիւն յայտնելով` Ռուսիոյ նախագահը խօսած է շրջանին մէջ վստահութեան եւ համագործակցութեան մակարդակի բարձրացման մասին` նշելով, որ կը ձգտին կեանքի կոչել «3+3» խորհրդատուական մեքանիզմը: Ան յոյս յայտնած է, որ Իրանը կ՛աջակցի:



