Իսրայէլի խորհրդարանի խումբ մը ընդդիմադիր երեսփոխաններ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ ապրիլ 24-ը իբրեւ յիշատակի օր նշելու օրինագիծ ներկայացուցած են: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը:
Օրինագիծի հեղինակներն են «Շաս» կուսակցութիւնը ներկայացնող երեսփոխաններ Եաաքով Մարկին, Հայիմ Պիթոնը, Մոշէ Արպելը, ինչպէս նաեւ «Լափիտ» կուսակցութեան երեսփոխաններ Եուլի Էտելշթէյնը, Իսրայէլ Քացը եւ Եոաւ Քիշը: