Ռուսիոյ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի կառավարութեան հետ 2022-2027 թուականներու միջշրջանային համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրման, որ կը բխի չորեքշաբթի օր պաշտօնական իրաւական տեղեկատուութեան կայքին վրայ տեղադրուած նախարարաց խորհուրդի հրամանէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ընդունիլ Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան առաջարկը, որ քննարկուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ շահագրգիռ այլ դաշնակցային գործադիր մարմիններու հետ` 2022-2027 թուականներուն համար Ռուսիոյ կառավարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ միջշրջանային համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրութեան մասին», նշուած է հրամանագիրին մէջ:
Տնտեսական զարգացման նախարարութեան յանձնարարուած է յանուն Ռուսիոյ կառավարութեան ստորագրել համագործակցութեան ծրագիր: