ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս կիրակի, 31 հոկտեմբեր 2021-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սկիզբ պատարագի` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ եւ գործօն մասնակցութեամբ վերանորոգուի եւ հաղորդուի օրուան Ս. խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԳԻՆԵՁՕՆ
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆԻ`
«ԵՍ ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ» 3 ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒՆ
Կազմակերպութեամբ`
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբին
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 30 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՌԱԶՄԻԿ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 հոկտեմբեր 2021-ին, Այնճարի Հայ կաթողիկէ Ս. Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Կոստանեան, Սնապեան, Կիւլէսէրեան, Գասպարեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահէ արք. Փանոսեանին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, Հոգշ. Տ. Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանին, Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին, Ազգային առաջնորդարանի Կրօնական ժողովին, Քահանայից դասին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, դիմատետրով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հօր, աներոջ եւ մեծ հօր` ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԿՈՍՏԱՆԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
CHAT & PLAY
Internet Service Provider
Special offer for New Subscribers
Pay 1 month, Get 2 months for free
also free cable installation
for more information please contact
71-354523, 01-247365
RECRUITING
We are recruiting new positions in secretary & customer care services. If interested kindly send your cv to: [email protected]