Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութեան. Թանաֆի Ռազմակայանին Վրայ Յարձակումը Դիտաւորեալ Ու Համակարգուած Էր

Հոկտեմբեր 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը երէկ արշալոյսին յայտարարեց, որ Սուրիա-Իրաք-Յորդանան սահմանային եռանկիւնի շրջանին մէջ գտնուող Թանաֆի ռազմակայանը «անօդաչու թռչող սարքերով դիտաւորեալ ու համակարգուած յարձակում»-ի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ ամերիկեան ուժերու շարքերուն մէջ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, թէ ինքնիրեն կը վերապահէ ինքնապաշտպանութեան եւ յարձակումին պատշաճ ժամանակին ու վայրի մէջ հակադարձելու իրաւունքը»:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ այժմ յարձակումին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ եւ իր գործընկերներուն հետ աշխատանքը կը շարունակէ իմանալու համար, եթէ անոնց շարքերուն մէջ զոհեր արձանագրուա՞ծ են:

Աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Թանաֆի ռազմակայանը, ուր կը գտնուին ամերիկեան ու բրիտանական ուժերը, հրթիռային յարձակումի ենթարկուած է, ինչ որ նիւթական վնասներ պատճառած է:

Աղբիւրներուն համաձայն, ռմբակոծումի ընթացքին շրջանին վերեւ անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքներ կատարուած են:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ 2016 թուականին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իրենց պայքարին ծիրին մէջ Սուրիոյ հարաւը գտնուող անապատին մէջ հաստատած էին Թանաֆի ռազմակայանը, ուր կը գտնուին շուրջ 200 ամերիկացի զինուորներ եւ շարք մը բրիտանացի զինուորներ:

Նախորդը

Ազրպէյճան Ազատ Արձակած Է Սիւնիքի Մէջ Ձերբակալուած Իրանցի Վարորդները

Յաջորդը

Իրանն Ու Ռուսիան Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Ապահովման Շուրջ Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Բերած Են

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?