Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Սուրիոյ Զէնք Կու Տայ Թուրքիոյ Դէմ Պատերազմելու Համար

October 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուած է Սուրիոյ մէջ նկարուած տեսանիւթ մը, ուր կ՛երեւին «ՀՄՄ-2» զրահապատ մեքենաներ, որոնք կը շարժին դէպի այն տարածքները, ուրկէ Թուրքիայէն զինուորական գործողութիւն կը սպասուի:

Ըստ տեսանիւթին, բոլոր «ՀՄՄ-2»-ները «գերազանց» վիճակի մէջ են եւ, ենթադրաբար, Սուրիա հասած են Ռուսիայէն: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Ինսոսմի» կայքը:

«Չէ՞ որ անոնք կրնային տեղափոխուիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար: Ասիկա, ի հարկէ, արդարացի հարցում է, սակայն «ՀՄՄ-2»-ի բնութագիրները շփոթեցնող են: Տեղեկութիւններ կան, որ 30 միլլիմեթր տրամաչափի «ՀՄՄ-2»-ի թնդանօթը արդիւնաւէտ է մինչեւ 2500 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող ուղղաթիռներու դէմ եւ կրնայ հակահրասայլային ռումբեր արձակել:

«Մեքենայի նախագծման մէջ այնքան ճարտարագիտական լրացումներ կատարուեցան, որ կրճատուեցաւ թիւը զինուորներուն, որոնք կրնային զայն կառավարել:

«Երբ Թուրքիան զինուորական գործողութեան սկսելու մասին կը յայտարարէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ձեռքը եղած «նոր» զէնքերը, անկասկած, Անգարային իրաւունք պիտի տան ուղղելու «Ի՞նչ պատահած է, Մոսկուա՛» հարցումը», կը գրէ կայքը:

Միւս կողմէ, «Աւիա. փրօ» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիան սկսած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր յառաջխաղացքին  եւ արդէն շարք մը շրջաններ տեղափոխած է «Էմ60» հրասայլեր, որոնցմէ առնուազն մէկը նշմարուած է Սուրիոյ հիւսիսը, սակայն, նկատի ունենալով առաջնագիծի երկարութիւնը, խօսքը քանի մը տասնեակ հրասայլերու մասին է:

Տեսանիւթին մէջ, զոր նկարահանած են Ճապհաթ Թահրիր Շամ խմբաւորման ահաբեկիչները, կարելի է տեսնել, թէ զինեալները ինչպէ՛ս կ՛ուղարկուին ռազմաճակատ, եւ որոշ պահու մը կ՛երեւի թրքական բանակի «Էմ60» հրասայլը: Հաշուի առնելով, որ թրքական կողմը ահաբեկիչներուն ծանր սպառազինութիւն չէ տրամադրած, կարելի է ենթադրել, որ թրքական զօրքերը գործողութեան սկսած են:

 

 

Նախորդը

Այսօր Փարիզի Մէջ Իրանի Հիւլէական Համաձայնագիրի Հարցի Քննարկման Համար Եւրո-Ամերիկեան Ժողով

Յաջորդը

Ազրպէյճան Ազատ Արձակած Է Սիւնիքի Մէջ Ձերբակալուած Իրանցի Վարորդները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.