Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Թուրքիան Կ՛ամբաստանեն Ահաբեկչութեան Ծրագիրին Եւ Սուրիոյ Մասնատման Աջակցելու Մէջ

October 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբ Բունարի մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն պատկանող ինքնակառավարման վարչութենէն երկու պաշտօնատարներ եւ համանախագահ մը սպաննուած են, երբ թրքական անօդաչու թռչող սարք մը չորեքշաբթի մայրամուտին հարուածած են Ասր քաղաքին մէջ զանոնք փոխադրող ինքնաշարժը:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ 20 հոկտեմբերին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն պատկանող ինքնակառավարման վարչութեան համանախագահ Պաքր Ժարատան փոխադրող ինքնաշարժը ռմբակոծուած է, որուն պատճառով ան եւ մարմինին երկու աշխատաւորներ վիրաւորուած են: Վիրաւորուած են նաեւ երկու այլ քաղաքայիններ:

«Թիրախաւորումը յստակ փաստ է Թուրքիոյ մեր ժողովուրդին դէմ յարձակումն ու բարբարոսութիւնը շարունակելուն, ինչպէս նաեւ մեր շրջանի կայունութիւնը հարուածելու բացայայտ պնդում մըն է», աւելցուցին անոնք:

Ինքնավար վարչութիւնը Թուրքիան ամբաստանեց «վարձկաններուն ու ահաբեկիչներուն յստակ աջակցութիւն» տրամադրելու եւ «ՏԱՀԵՇ-ի համար վրէժ լուծելու համար»` շեշտելով, որ Անգարա «կը փորձէ զինեալ խմբաւորումներուն դարձեալ արիւն ներարկել` վերջ տալով մեր ժողովուրդին եւ Միջազգային դաշինքին ձեռքբերումներուն»:

«Ահաբեկչութեան ծրագիրին յստակ աջակցութիւն կայ, մասնատման յստակ ճամբու հարթում, լուծումի եւ միջսուրիական համաձայնութեան ջանքերու ականահարում եւ սուրիացի ժողովուրդի ապագային համար մեծ վտանգ գոյութիւն ունի», աւելցուցին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը:

Անոնք «ազդու բոլոր ուժերուն, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Միջազգային դաշինքին» կոչ ուղղեցին` վերջ տալու Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն: Անոնք նաեւ ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներուն կոչ ուղղեցին տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան` «վերջ տալու համար Սուրիոյ ու շրջանին դէմ Թուրքիոյ գործած յարձակումին ու քանդումին»` աւելցնելով, որ պէտք է զայն հաշտուետուութեան ենթարկել վերջերս գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւնները ոտնահարելուն համար, ինչպէս նաեւ  բարոյական արժէքները, խոստումներն ու առնչակից միջազգային ուխտերը դրժելուն համար:

 

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունած Է Մոսկուայի Եւ Կարսի Պայմանագիրներու 100-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողովի Մասնակիցները

Յաջորդը

ՕԹԱՆ Ռուսիոյ Դիմակայման Նոր Ծրագիր Մշակած Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.