Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպումը` այս կամ այն ձեւաչափով, շատ հաւանական է ընթացիկ տարուան մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Կը կրկնեմ, որ Նուլընտի հետ Ուշաքովի վերջին հանդիպումին ընթացքին զանազան տարբերակներ քննարկուած են, որոշակի ըմբռնումներ հաստատուած են: Երբ անոնք ձեւաչափային եւ ժամկէտային առումով յստակացուին, մենք ձեզ պիտի տեղեկացնենք», ըսած է Փեսքով լրագրողներուն` պատասխանելով Փութինի եւ Պայտընի հանդիպման հաւանականութեան մասին հարցումին:
Այդ մասին, որ Նուլընտի այցելութեան ծիրին մէջ կը մշակուին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հետագայ հաղորդակցութիւնները, նախապէս «ռուսական ուժանիւթային շաբթուան» ձեռնարկներուն ծիրին մէջ պատմած էր նաեւ Վլատիմիր Փութին:
Նուլընտ 11-13 հոկտեմբերին այցելած էր Ռուսիոյ եւ հանդիպումներ ունեցած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովի, Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Տմիթրի Քոզաքի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի հետ:



