ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ իր կուսակիցներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց, որ իրենք ամէն գնով պիտի մասնակցին յառաջիկայ ընտրութիւններուն` յաղթահարելով բոլոր արգելքները:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ «Քորոնա»-ի համավարակին պատճառով 778 նոր պարագայ եւ 4 մահ պատահած է վերջին 24 ժամերուն:
ԹԱՅՅՈՒՆԷԻ եօթը զոհերու ընտանեկան պարագաներ երէկ համախմբուեցան Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն Ղպէյրիի մէջ` ներկայութեամբ համանուն շրջանի քաղաքապետին, եւ պահանջեցին արդար հետաքննութիւն կատարել իրենց զոհերու մահուան գծով: Անոնք բացայայտօրէն ակնարկեցին լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ դատական հայց յարուցելուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մօտ Թուրքիոյ դեսպանը երկրի զանազան վարիչներուն տուած իր այցելութիւններու ծիրին մէջ երէկ այցելեց մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի: Այս առիթով դեսպան Ասլի Պարըշ Ուլուսոյ իր երկրի ամբողջական զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց Լիբանանին զանազան մարզերուն գծով: Թուրք դեսպանը հերքեց, թէ իր երկիրը այս օժանդակութիւններուն ճամբով յետին նպատակներ կը հետապնդէ: «Ժողովուրդ եւ կառավարութիւն կրնաք վստահիլ թրքական օժանդակութեան», ընդգծեց ան: