Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի համակարգումի հարցերով օգնական հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Ռեզա Նաքտի յայտարարեց, թէ Հըզպալլան նախապէս զգուշացուած էր փէյճըրները օգտագործելու վտանգներէն:
Հազարապետ-զօրավարը յայտնեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուները պատասխանած են, թէ այդ սարքերը իրանեան տարբերակներէն աւելի աժան են: