Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Առնչուող Խնդիրներ

Հոկտեմբեր 15, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 14 հոկտեմբերին, Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցան` ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ: Անոնք հոն կը գտնուէին` մասնակցելու ԱՊՀ (Անկախ պետութիւններու հասարակապետութիւն) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երեք նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող խնդիրներ, որոնց կարգին` 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան իրականացման ընթացքը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատեց արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման պարունակին մէջ ռուս խաղաղապահներուն ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց եռակողմանի յայտարարութեան որոշ դրոյթներու իրականացած չըլլալը` ընդգծելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ ու անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, նախարար Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ եւ տեւական լուծումը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին եւ այդ ձեւաչափին տրուած միջազգային հանգամանքի ծիրին մէջ` կողմերուն յայտնի սկզբունքներուն եւ տարրերուն հիման վրայ:

Լաւրով–Միրզոյեան Առանձին Հանդիպում

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ  Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով առանձին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Հանդիպումին Լաւրով դիտել տուաւ, թէ «Ղարաբաղը միշտ պէտք է օգտուի մեր ուշադրութենէն»:

Նախարարները քննարկեցին նաեւ հայ-ռուսական բազմոլորտ համագործակցութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր: Միտքեր փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող խնդիրներու շուրջ: Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող հարցեր:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական. Կարս 2-ի Պարտադրանքի Նախադրեալները Եւ Հայկական Դիրքորոշման Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?