Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քուէյթ
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Վարդան Քէօշկէրեանը
Ուրբաթ, 1 հոկտեմբեր 2021-ին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քուէյթի Հոգեւոր եղբայրակցութեան 25-ամեակի նշումը, որուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Վարդան Քէօշկէրեանը: Ան աւելի քան 25 տարի ծառայած է քուէյթահայ գաղութին, եղած է Քուէյթի Հոգեւոր եղբայրակցութեան վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ, մաս կազմած է Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան, ինչպէս նաեւ Քուէյթի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին, որուն անդամ է մինչեւ օրս:
Քէօշկէրեան անցնող աւելի քան 25 տարիներուն միշտ նիւթապէս եւ բարոյապէս իր նպաստը բերած է յանուն Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ առաւել ծաղկման ու պայծառացման, ինչպէս նաեւ` Քուէյթի ազգային վարժարանի յառաջդիմութեան:
Արդարեւ, Քուէյթի Հոգեւոր եղբայրակցութեան 25-ամեակի յոբելենական հանդիսութեան աւարտին Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեայեանի կողմէ կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, ապա Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի ձեռամբ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը յանձնուեցաւ Վարդան Քէօշկէրեանին:
Յունաստան
Յունաստանի Համազգայինի 24-րդ Ներկայացուցչական Ժողովը
26 սեպտեմբերին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Յունաստանի 24-րդ Ներկայացուցչական ժողովը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու, Ատիկէի եւ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղերուն եւ պարի միաւորին կողմէ ընտրուած ու լիազօրուած պատգամաւորներու: Ժողովին ներկայ էին` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան , «Ազատ Օր»-ը, Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի խմբավար Մկրտիչ Գրիգորեանը եւ պարուսոյց Էտկար Էկեանը:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յուլիանա Մանուկեան բացուած յայտարարեց ժողովը եւ յայտնեց, որ անցնող նստաշրջանի ընթացքին Համազգայինի մեծ ընտանիքը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր միութեան անդամներէն շատեր, եւ խնդրեց յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը համազգայնական մահացած անդամներուն եւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին իրենց կեանքը զոհած հայ հերոսներուն:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան խօսք առնելով անդրադարձաւ այն բոլոր մարտահրաւէրներուն, որուն Համազգայինը դէմ յանդիման գտնուեցաւ վերջին տարիներուն: Ան գոհունակութեամբ շեշտեց Ռուսիոյ տարածքին երկու նոր մասնաճիւղերու հիմնումին, եւ թուեց կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային մարզերէն ներս միութեան նուաճումները:
Ժողովը ընտրեց իր դիւանը, ատենապետներ` Անդրանիկ Շահպազեան եւ Ազարիկ Եորղանճեան, քարտուղարուհի` Ծովիկ Մինասեան, ինչպէս նաեւ` բանաձեւերու, արխիւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու անդամները:
Օրակարգի քննարկման ժամանակ ժողովը կեդրոնացաւ շարքերու խտացման, երիտասարդ անդամներու ներգրաւման կարեւորութեան եւ անոնց աշխուժացման հարցին, հայախօսութեան զարգացման առաջարկներու, ինչպէս նաեւ միութեան կառոյցը ընդլայնելու եւ հայ մշակոյթն ու կրթութիւնը յաւելեալ եւս տարածելու նախաձեռնութիւններու վրայ:
Նշուեցաւ, որ Շրջանային վարչութիւնը գործեց` կատարելով իրեն վստահուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նոր գործեր իրագործելով` ազգային, մշակութային, գեղարուեստական-հասարակական նպատակներով: Իր ծաւալած ընդհանուր գործունէութեամբ, Շրջանային վարչութիւնը հաստատ մնաց մշակութային աշխատանքները պահպանելու իր առաքելութեան` զարգացնելով համագործակցութիւնը միութիւններու եւ մշակութային եւ հասարակական դաշտէն ներս գործող հայ անհատներու հետ: Վարչութիւնը սկսաւ նաեւ արխիւներու թուայնացման գործը, որ ընթացքի մէջ է:
Ներկայացուցչական ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ յաջորդ երկամեայ նստաշրջանի` 2021-2023 համար նոր Շրջանային վարչութիւնը:
Նորակազմ վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն. Յուլիանա Մանուկեան, Վերժին Կարապետեան, Կիւլա Քարապաճաքեան, Էտկար Էկեան, Սիմոն Ասիպեան, Լիանա Թեհերեան, Ճուլի Մանոյեան:
Կիպրոս
Արցախեան Ազատամարտիկներ Նիկոսիոյ Մէջ
Կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ծանրօրէն վիրաւորուած հինգ մարտիկներ, որոնք Կիպրոս կը գտնուին 2 հոկտեմբերէն, նախաձեռնութեամբ Պաֆոսի հայ գաղութի անդամներուն եւ Վարդան Մխիթարեանի ու բարեկամի մը ջանքերով:
Պատարագեց եւ քարոզեց Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան: Հոգեհանգիստէն առաջ կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան իր սրտի պատգամը ուղղեց արցախեան ազատամարտիկներուն եւ հաւատացեալներուն:
Ս. պատարագէն ետք, հայ հերոս մարտիկներուն մօտեցան կառոյցներու, միութիւններու պատասխանատուներ եւ հաւատացեալներ, միասին լուսանկարուեցան եկեղեցւոյ մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ եւ այլուր: Ապա Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ մտերմիկ զրոյցներ տեղի ունեցան վերոնշեալ պատասխանատուներուն եւ ազգայիններուն հետ` ներկայութեամբ սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան ատենապետին, անդամներուն եւ ՀՕՄ-ի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետին: Անկէ ետք ազատամարտիկները առիթը ունեցան տեսնելու հին քաղաքը, ապա սրբազանին հետ կէսօրուան ճաշի հիւրը եղան հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին:
Պոլիս
Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ Պաշտաամունք Կատարելու Արտօնութիւն Կը Տրուի
Անցնող շաբաթասկիզբին Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Լեւոն արք. Զեքիեան Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Տիգրանակերտի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կացութիւնը: Եկեղեցին մեծապէս վնասուած էր պատմական Սուր թաղամասին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու ընթացքին եւ վերանորոգուած` պետութեան հովանաւորութեամբ: Լեւոն արք. Զեքիեան մատնանշեց, որ շրջանին մէջ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը բոլորովին նօսր վիճակի մը մէջ է, ինչ որ պատճառ կը դառնայ այդ սրբավայրին մէջ հերթականօրէն պաշտամունք կատարելու գործնական դժուարութիւններու: Ան յայտնեց, որ եկեղեցւոյ կառոյցը կարելի է օգտագործել մշակութային, կրթական, գիտական եւ ուսումնական ձեռնարկներու համար` պահպանելով անոր ճարտարապետական դիմագիծը եւ բոլորովին յարիր` անոր սրբավայրի բնոյթին: Նոյն ժամանակ ան յայտնեց իր եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան ցանկութեան մասին, որպէսզի երբ փափաքին, կարենան, կանխաւ իմացնելով, անխափան պաշտամունք կատարել եկեղեցւոյ մէջ:
Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան խորհուրդի նիստը որոշեց եկեղեցւոյ պահպանութիւնը, ապահովութիւնը եւ հոգատարութիւնը յանձնել Տիճլէի համալսարանին` երաշխաւորելու պայմանով կառոյցին ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն պահպանումը եւ շեշտելով, որ ամէն անգամ, երբ հայ կաթողիկէ համայնքը փափաք յայտնէ, արտօնութիւնը պէտք է տրուի պաշտամունք կատարելու:
Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ Վագըֆներու խորհուրդին որոշումը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ:
Թեհրան
Այցելութիւն Գերեզմանատուն
Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվէրդեան, ընկերակցութեամբ ասորական եւ հրէական համայնքներու պատգամաւորներուն, այցելեց ազգային փոքրամասնութիւններու երեք գերեզմանատուներ եւ ծաղիկներ զետեղելով` յարգանքի տուրք մատուցեց 8-ամեայ պատերազմի նահատակներու յիշատակին:
Նոյն օրը Արա Շահվէրդեան, Շարլի Անոյէ-Թեքիէ եւ դոկտ. Հոմայուն Սամիէ ներկայ գտնուեցան նահատակ Վիգէն Կարապետեանի մօր յուղարկաւորութեան:
«Նոր Բուրաստան» գերեզմանատուն կատարած այցելութեան ընթացքին պատգամաւորներուն միացան Իրանի Նահատակներու հիմնարկութեան կրօնական փոքրամասնութիւններու գրասենեակին պատասխանատուները եւ բանակի ցամաքային զօրքերու հրամանատարի ներկայացուցիչը:
Արա Շահվէրդեան նկատել տուաւ, որ իսլամադաւան ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ իրանահայ համայնքը, հրեաները եւ ասորիներն ու զրադաշտականները կողք-կողքի պայքարեցան, որպէսզի Իրանի եռագոյն դրօշը ծածանի, եւ հայրենիքը ապահով ըլլայ:
Ատրպատական
Թեհրանի Եւ Հիւսիսային Իրանահայութեան Պատգամաւոր Արա Շահվէրդեանի Այցելութիւնները
* 22 սեպտեմբերին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվէրդեանի այցելութիւնը:
Հանդիպումը ընդգրկեց «Քորոնա» ժահրին ստացած նոր թափի ազդեցութիւնը համայնքին վրայ, ինչպէս նաեւ` պատուաստման գործընթացին մէջ ժողովուրդին բերած մասնակցութիւնը: Սրբազան հայրը ցաւով նշեց, որ վերջին օրերուն «Քորոնա» ժահրով մահուան դէպքեր արձանագրուած էին Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ մէջ:
Պատգամաւոր Արա Շահվէրդեան սրբազան հօր տեղեկացուց համայնքային կարգ մը աշխատանքներու մասին, յատկապէս` աշխատանքային բոլոր բնագաւառներուն մէջ գործող հայերու տեղեկագրման ծրագիրին մասին, որ ինքնին համայնքի մարդուժի հաւաքն է: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց պատգամաւորին հոգածու վերաբերմունքը համայնքի բոլոր խաւերուն հանդէպ:
Թաւրիզ կատարած իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, Արա Շահվէրդեան զանազան հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային իշխանութեան Պատգամաւորական ժողովին եւ Թեմական խորհուրդին հետ: Հանդիպումները ընդգրկեցին նաեւ պետական ոլորտի ժողովական նիստեր: Արա Շահվէրդեանը նաեւ քաջալերական հանդիպումներ ունեցաւ համայնքի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի երիտասարդ, գործարար եւ տարեց խաւերուն հետ:
* 23 սեպտեմբերին Արա Շահվէրդեան հանդիպում ունեցաւ Ատրպատականի Թեմական խորհուրդին հետ` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ մօտէն քննարկելու տարածաշրջանին մէջ հայ համայնքին առնչուող կարեւոր հարցեր: Սրբազան հայրը անգամ մը եւս իր գոհունակութիւնը յայտնեց Արա Շահվէրդեանի գործունեայ դերակատարութեան համար հիւսիսային իրանահայութեան կեանքին մէջ:
Հանդիպումին գլխաւոր օրակարգն էր նորընտիր Թեմական խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրը` վերաշխուժացնելու համար ոչ միայն համայնքային կեանքի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային երեսները, այլեւ` ամբողջացնելու կիսատ մնացած կարգ մը աշխատանքներ: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց պատգամաւորին հետեւողականութիւնը, յատկապէս` հիւսիսային իրանահայութեան տուած իր այցելութիւններով, որոնք ոչ միայն ժողովական նիստերու համար եղած այցելութիւններ են, այլեւ` ուղղակի ժողովուրդի տարբեր խաւերուն հետ հանդիպելու ոսկեայ առիթներ:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ջորջեան խօսք առնելով` շեշտեց Ատրպատականի Թեմական խորհուրդի նորընտիր կազմին շփումները թեմի բոլոր կառոյցներուն հետ` մօտէն հետաքրքրուելու ոչ միայն ներկայ համավարակի դժուարին պայմաններուն մէջ անոնց իրականացուցած գործունէութեան մասին, այլ նաեւ օժանդակելու անոնց` նորանոր ծրագիրներու իրականացման մէջ:
* Նոյն օրը սրբազան հայրը, պատգամաւորը եւ Ատրպատականի Թեմական խորհուրդը պաշտօնական այցելութիւն տուին Թաւրիզի Քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Ռասուլ Պերկիի, Թաւրիզի քաղաքապետարանի պատմական շէնքին մէջ:
Սրբազանը շնորհաւորեց նոր Քաղաքապետական խորհուրդը եւ քաղաքապետարանի կազմը`շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր անընդմէջ ապրած է եւ կը շարունակէ ապրիլ հոգեհարազատ Թաւրիզի մէջ` որպէս բազմահազար հայերու ծննդավայր քաղաք:
Արա Շահվէրդեան տարածաշրջան իր կատարած այցելութեան առիթով առաջին հերթին շնորհաւորեց Քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Պերկիի նոր պաշտօնը, ապա անդրադարձաւ սրբազան պատերազմի յիշատակի շաբաթուան նուիրականութեան եւ յիշեց բոլոր կրօններու նահատակները, որոնք պաշտպանած էին իրենց հայրենիքը` Իրանը: Պատգամաւորը նկատել տուաւ, որ ինք միայն հայերու ներկայացուցիչը չէ, այլ ամբողջ ժողովուրդին ներկայացուցիչն է աւելցնելով, որ ինք Ատրպատականի ներկայացուցիչ պատգամաւորներուն հետ միասին իր առաւելագոյնը պիտի ընէ Ատրպատականի զարգացման ծրագիրներուն համար:
Պերկի հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով` շեշտելով հայ համայնքի ներկայութիւնը դարերէ ի վեր յատկապէս Թաւրիզ քաղաքին մէջ: Ան անդրադարձաւ հայութեան դրական ներկայութեան մասին, յատկապէս` Թաւրիզի մէջ, որ դրական եւ շինարար ներկայութիւն եղած է:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը
15 սեպտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որ վերջերս Լոս Անճելըս կը գտնուի ներկայ ըլլալու համար «Դրախտի դարպաս» խորագրեալ իր նոր` արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերէն քաղուած դրուագի մը պատումը կատարող ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան: Հանդիպումին ներկայ էին Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ հայրենի բեմադրիչի անձնակազմէն անդամներ` Նարինէ Ոսկանեան եւ Ատրինէ Միրզայեան:
Այս առիթով բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց սրբազան հայրը` «Դրախտի դարպաս»-ի առաջին ցուցադրութեան:
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանի` եօթներորդ արուեստի մշակոյթէն ներս արձանագրած յաջողութիւնները: Յատկապէս դրուատանքով արտայայտուեցաւ հայրենի բեմադրիչին` միջազգային ֆիլմարուեստի ծիրէն ներս հայկականը եւ ի մասնաւորի Արցախը, հայոց պատմութիւնն ու հայկական քաղաքակրթութիւնը ցուցադրելու անոր մասնագիտական ճիգին մասին:
Զրոյցը ընդգրկեց նաեւ հայրենի ներկայ իրավիճակին եւ Արցախի յետպատերազմեան առօրեայի մասին անդրադարձներ: Բեմադրիչ Աւետիսեան պատմեց իր անձնական փորձառութիւններէն եւ հայոց բանակի մեծ թիւով զինուորներու` վերջին պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք կրած ֆիզիքական եւ հոգեբանական վնասներուն մասին: Դառն իրականութեան լոյսին տակ, առաջնորդը յոյս յայտնեց, որ «Դրախտի դարպաս»-ին միջոցով լոյսի նոր շող մը արձակուի ոչ միայն Արցախի եւ արցախահայութեան, այլեւ համայն հայութեան վրայ:
Հանդիպման աւարտին հայրենի բեմադրիչը սրբազան հօր ուղղեց երախտիքի ջերմ խօսքեր` Ազգային առաջնորդարանի կողմէ իրեն ցուցաբերուած աջակցութեան համար եւ ներկայացուց յառաջիկայ օրերուն շրջանէն ներս իրագործելիք իր ծրագիրները:
Յայտնենք, որ «Դրախտի դարպաս» երկլեզու ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 17 սեպտեմբերին, Կլենտէյլի «Ալեքս» հանդիսասրահին մէջ: