Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխան «Ազդակ» Լսարանի

Հոկտեմբեր 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ի Խնդիր Մերձաւոր-Միջինարեւելեան, Այժմէական
Եւ Գործօն Հայագիտութեան Մը
Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ.
Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք
Islam In Armenian Literary Culture. Texts,
Contexts, Dynamics (Louvain: Peeters, 2021)

ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ

Եզրայանգումներ եւ նկատողութիւններ հայ մտաւոր մշակոյթին եւ պատմագրութեան մասին

Հետեւեալ նկատողութիւները կ՛ամփոփեն հայ պատմագրութեան մասին տեսակէտներս` ըստ վերջին երեք տասնամեակներուն ընթացքին հայ-իսլամական միջգործօնային մարզին մէջ գործիս:

Հայոց պատմական փորձառութեան կարեւոր իւրայատկութիւնը, աշխարհագրական-տեղական եւ պատմական պայմաններու բերումով, միջգործօնայնութիւնն (interactiveness) է: Ուրեմն հայագիտութիւնը պէտք է որ բնորոշէ եւ պատմականացնէ հայոց պատմական փորձառութիւնը, ըստ ա՛յս իւրայատկութեան:

Հինգերորդ դարուն կամ Ոսկեդարուն ընթացքին երեւան եկած առաջին պատմութիւնները կազմեցին հայ քրիստոնեայ ժողովուրդին մտաւորական ու քաղաքական ինքնութեան հիմքերը եւ շրջանակը: Միջնադարեան հայոց պատմութիւնները եւ մատենագրութիւնը` ընդհանդապէս, որոշ տեղեկութեանց կողքին, անպայմանօրէն կը պարունակեն կիսաառասպելական պատումներ (narratives): Կորիւնէն, Եղիշէէն եւ Խորենացիէն սկսեալ եւ մինչեւ միջին դարերու վերջաւորութիւնը եւ անկէ ալ անդին` այս պատմութիւնները կը ներկայացնեն հայերը իբրեւ փոքր, բարեպաշտ եւ հերոսական ժողովուրդ մէկ կողմէ Արեւելքի, այսինքն` պարսկական, ապա իսլամական կայսրութեանց, եւ միւս կողմէ Արեւմուտքի, այսինքն` հռոմէական, ապա բիւզանդական կայսրութեանց միջեւ:  Ներշնչողական այս պատումներն ու պատկերները ունին  որոշ յատկանիշներ ու խնդիրներ:

Առաջին. գրեթէ մեծամասնութեամբ եկեղեցականներ` մատենագիրները իրենց պատմութիւնները կը շարադրէին ըստ իրենց հաւատարմութեանց, մէկ կողմէ` կրօնին ու եկեղեցիին, եւ միւս կողմէ` նախարարական մրցակից տուներուն: Վերջիները կրնային ըլլալ արեւմտահակ, ինչպէս` Մամիկոնեանները, կամ` արեւելահակ` ինչպէս Բագրատունիները: Ուրեմն, ըստ քաղաքական կողմնորոշումի, պատումները կը ստանային տարբեր շարադրութիւն եւ մեկնաբանութիւն:

Երկրորդ, կեդրոնացումը քաղաքական եւ մշակութային «ինքնութեան» կառուցումին վրայ փաստօրէն պատճառ եղած է, որ հեղինակները գերադաս նկատեն գերազանցապէս հայկակա՛ն պատումներ` մեկուսի եւ անկախ շրջանին հետ յարաբերութիւներէն: «Զուտ» հայոց պատմութեանց այս անջատումը շրջանակէն, նաեւ` իրողական փորձառութիւններէն, անխուսափելիօրէն պատճառած է ապաշրջանակացում (decontextualization): Այսպէս, պատմագրութիւնը դարեր շարունակ չէ յաջողած պատմականացնել հայոց իրողական կացութիւնն ու եղափոխութիւնը մեծ շրջանին մէջ, եւ հոսկէ` ոչ հայ աղբիւրներու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը:

Կանուխ Վերածնունդին` տասնեօթներորդէն տասնիններորդ դարերուն, գրականութեան եւս իտէալը պարզ էր. իրականացնել քրիստոնեայ արեւմուտքին օգնութեամբ եւ ազատագրական գործով` ինքնիշխան, քրիստոնեայ Հայաստան մը իր սեփական հողին վրայ: Սպասելիօրէն միջնադարեան հայ ազգային վէպը վերակենդանացաւ այս անգամ օսմանեան սիւննի կայսրութեան, պարսկական շիա կայսրութեան ենթակայ հողերու վրայ, եւ` ցարական Ռուսիոյ ուղղակի մասնակցութեամբ:

Արդի պատմագրութեան ռահվիրան, տեսակ մը` օրէնսդիրը, Միքայէլ վրդ. Չամչեանցն էր` 1780-ականներուն հրատարակած իր ընդհանուր եւ մեծածաւալ հայոց պատմութեամբ, դասական ոգիով եւ բարձր լեզուով: Գրականութեան մէջ, առնուազն, միջնադարեան պատմամտածողութիւնը իր վաղ-ազգայնական տարազներով նորոգուած անմիջապէս որդեգրուեցաւ: 1870-էն մինչեւ 1920-ականներ, նախ օսմանեան, ապա իթթիհատական պետութեանց հինգ տասնամեակներու հալածանքներն ու եղեռնական ջարդերը աւելի եւս խորացուցին եւ նորոգեցին պայքարի-մահուան-վերածնունդի մոթիվները եւ կը շարունակուին հայագիտութեան բոլոր մարզերուն մէջ:

Տասիններորդ դարուն եւ յաջորդին հրատարակուեցան մեծ թիւով հայագիտական գործեր Վենետիկ, Փարիզ մանաւանդ խորհրդային հանրապետութեան մէջ եւ հակառակ կացութեան: Տասնիններորդ դարէն կայ կարեւոր թիւ մը հայ եւ` օտար հայագէտներու եւ հրատարակութեանց: 1960-էն ետք Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցան հայագիտական կեդրոններ, կան մեծ թիւով հրատարակութիւններ, սակայն` մեծամասնութեամբ օտար լեզուներով:

Հոս փակագիծ մը պէտք է բանալ լեզուի խնդրին մասին: Բնականաբար եւ տարբեր չափերով, հին ու նոր հայագէտներու մեծամասնութիւնը ծանօթ է լեզուին, երբեմն ալ` գրաբարին: Բացի հայրենի հեղինակներէն` շատ փոքր է թիւը անոնց, որոնք կարող են արդիական եւ լա՛ւ հայերէնով գրել ակադեմական գիտական յօդուած: Բազմաթիւ են պատճառները, կարեւորը այս երեւոյթին բացասական հետեւանքն է լեզուին վրայ: Անոր մակարդակը եւ զարգացումը կախում ունին ակադեմական գործածութենէն, եւ  այս պարագային` մտաւորականներու կեցուածքէն եւ լրջութենէն: Ներկայիս գոնէ գրական արեւմտահայերէնը, նաեւ արեւելահայերէնը, յարատեւ դանդաղումի եւ ծանծաղումի մէջ են, իսկ առաջինը` հոգեվարքի, ըստ ոմանց: Կը պակսին նոր եզրեր նոր իմացքներու եւ նոր նիւթերու համար, նաեւ` թարմացնելու եւ երիտասարդեցնելու համար լեզուն: Խօսակցական արեւմտահայերէնի համար տարուած աշխատանքը կապ չունի այս նիւթին հետ: Հայագիտական կեդրոններու եւ ակադեմական թերթերու մէջ արեւմտահայերէնի շատ ստուերային գործածութիւնը արդէն պատճառած է բառապաշարի եւ ոճի բացայայտ թուլութիւն, աղքատութիւն:

Ճակատագրական հարց է հայագիտութեան արդիականացումի անհրաժեշտութիւնը:  Ինչպէս յիշատակեցինք, կա՛յ նոր եւ կարեւոր գրականութիւն ամբողջ աշխարհի մէջ, սակայն շատ բան չէ փոխուած հայագիտութեան, մանաւանդ պատմագրութեան հիմնական խնդիրներու լուծումին ուղղութեամբ: Հակառակ մեթոտաբանական յառաջդիմութեան, կամ` առաւել «առարկայականութեան» եւ նուազ «ազգայնականութեան», այս հեղինակներուն կարեւոր մասը տակաւին կը մնայ խարսխուած միջնադարեան պատումներու ոլորտին, նոյնիսկ եթէ թուի ըլլալ քննադատական: Հոս պէտք չկայ յիշատակելու մասնաւոր պարագաներ: Կը բաւէ հետեւիլ հայագիտական համագումարներու ծրագիրներուն եւ նիւթերուն:

Այս կարգի երեւոյթներուն պատճառը հեղինակներուն պատմական փիլիսոփայութեանց նմանութիւնն է, եւ բացակայութիւնը` ժամանակակից յառաջդիմական քննադատական մտածելակերպին: Միւս կողմէ` ազգայնական եւ ընդհանրապէս հայրենի պատմագրութիւնը գիտականօրէն խոցելի է: Կը մոռցուի, որ նեղ ազգայնական շրջանակով (framework) յատուկ ուսումնասիրութիւն մը, որքան ալ մանրակրկիտ ըլլայ, մասնաւոր շարադրանք մըն է մասնաւոր խումբի մը մասին եւանոր  համար:

1970-ականներէն ետք մանաւանդ արեւմուտքի մէջ սկսան զարգանալ քննական-վերլուծական ուղղութիւններ, մանաւանդ` ընկերային գիտութեանց մէջ: Կայ նոր տիսիփլին մը, որ կը կոչուի «պատմական իմացաբանութիւն» (historical epistemology):

Ներկայիս, քիչ բացառութիւններով, պատմագրութիւնը չէ՛ ան, որ էր նոյնիսկ կէս դար առաջ: Սակայն քիչ բացառութեամբ հայագէտներ   տակաւին կը մնան պատնէշներու վրայ: Գրեթէ առանց բացառութեան` բոլորը արդիապաշտ են,  այսինքն կը հաւատան, որ կարելի է գրել «ճշգրիտ» ու հարազատ պատմութիւն հիմնուած պարզապէս «հաւաստի» աղբիւրներու վրայ եւ կատարեալ «առարկայականութեամբ»: Այս քիչ մը պարզամիտ համոզումը ներկայիս հարցական է: Փոխուած են տեսակէտները` արդի պատմագրութեան մասին: Ընդունուած եւ ընդունելի աւանդապաշտ նաեւ արդիապաշտ պատմագրութիւնը անշուշտ ունին իրենց տեղն ու կարեւորութիւնը: Սակայն պատմագրութիւնը ընկերային գիտութիւն է եւ միւս գիտութեանց նման ենթակայ է յարատեւ զարգացումի ու վերանորոգումի: Նոր մեթոտներ ու տեղեկութիւններ կը յառաջացնեն նոր գիտութիւն, սակայն հինը կը շարունակուի իբրեւ խարիսխ եւ աւանդութիւն: Արիստոտէլեան բնագիտութեան յաջորդեց Նիւթոնեանը եւ վերջինին` այնշթայնեանը: Այսօր այս գիտութիւնը կրկին եղափոխութեան մէջ է: Տիեզերքն ու բնութիւնը չեն փոխուողը, այլ` մե՛ր գիտութեան մեթոտը, գործիքները, տեսանկիւնն ու տեսլադաշտը:

Ամբողջաբանական եւ գաղափարաբանօրէն ժամանակակից հայոց պատմութիւն մը մշակելու առաջին պայմանն է նա՛եւ ոչ հայ աղբիւրներու լայն օգտագործումը, ինչպէս` արաբական, պարսկական, ասորական եւ բիւզանդական: Իմ  ուսումնասիրութեանցս մէջ պեղած եմ արաբակա՛ն աղբիւրներէ: Հայերը նկատելով մեծ շրջանին բնիկները եւ անկախ անոնց կրօնական պատկանելիութենէն, այդ աղբիւրները կը պարունակեն բազմաթիւ դրուագներ եւ վկայութիւններ` հայ անհատներու, համայնքներու, դէպքերու եւ սովորութեանց մասին: Ըստ երեւոյթին, դիտումնաւոր կամ ոչ դիտումնաւոր կերպով այս բոլորը անտեսուած են, կամ պարզապէս հեղինակներու գիտական մեթոտներուն եւ գործիքներուն համար անհասանելի են եղած այդ կարգի նիւթեր:

Արբանեակներէն եւ օդային լուսանկարչութենէն (aerial photography) առաջ անկարելի էր տեսնել geoglyph-ները կամ մեծ երկրապատկերները: Հորիզոնական դիրքի վրայ եւ սահմանափակ տեսանկիւններէ դիտուած` անոնք կը մնային բոլորովին անտեսանելի եւ անծանօթ: Փաստօրէն հայ պատմագրութիւնը անտեղեակ է մերձաւոր-միջինարեւելեան մեծ պատմական երկրապատկերին: Անհրաժեշտ է ոչ միայն դիտել այդ համապատկերները «հեռուէն» այսինքն` առարկայական եւ քննական գործիքներով, այլ նաեւ բնորոշել զարգացումներ, ուղղութիւններ եւ եղափոխութիւն` անկախ նկատումներէ եւ զգայնութիւններէ:

Վիճարկումս ան է, որ չէ գտնուած ու գծուած հայ միջգործօնային պատմական եղափոխութեան երկրապատկերը մերձաւոր ու միջինարեւելեան, մանաւանդ իսլամական աշխարհներուն մէջ: Այս գործի իրականացումին է ուղղուած իմ վերջին տասնամեակներու աշխատանքս: Գործընթացը նաեւ ձեռնարկ մըն է հայ-իսլամական միջգործօնային պատմութիւնը, նա՛եւ հայագիտութիւնը անցընելու իր բնական տեղը, մերձաւոր ու միջին, նաեւ համաշխարհային գրականութեան մէջ: Պէտք է անցնիլ Միջերկրականի նեղ աւազանէն` կտրելով  Ճիպրալթարի վրայ Հերքիւլէսի ժայռերը` դէպի Ատլանտեանը` գիտութեանց բաց ովկիանոսը:

30 սեպտեմբեր 2021
(Շար. 4 եւ վերջ)

 

Նախորդը

Ձեզ Քարտ Պլանշ Չենք Տուել

Յաջորդը

Վարդապետը Չի՛ Պատժեր

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?