Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդապետը Չի՛ Պատժեր

Հոկտեմբեր 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅՐ ԱՒԵՏԻՔ

Կղերականներս մեր կեանքին մեծ մասը կ՛անցընենք ժողովուրդին հետ եւ անոր ընթացքին կը հանդիպինք, կը տեսնենք ու կը նկատենք զանազան դէպքեր, որոնց մասին կարելի է անդրադառնալ, որպէսզի անոնք, եթէ դրական ազդեցութիւն ունին մեր կեանքին վրայ, գնահատուին, իսկ եթէ ժխտական են նկատի առնուին եւ, ինչո՞ւ չէ, սրբագրուին:

Մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ պատահող դէպքի մը մասին, որուն ընթերցողներէն շատեր եւս ականատես կամ ականջալուր եղած են ու կ՛ըլլան: Կրնանք տեսած կամ նկատած ըլլալ եւ` մեր միտքէն ըսած. «Պէտք է նման երեւոյթներու մասին խօսուի կամ գրուի, որպէսզի անոնք առաւելագոյն չափով սրբագրուին»: Արդա՛ր եւ գիտակի՛ց մօտեցում է:

Ընդհանրապէս պսակի, մկրտութեան խորհուրդներու եւ կամ տուներու այցելութեան ընթացքին բնականաբար այնտեղ մանուկներ ներկայութիւն կ՛ըլլան, որոնք տակաւին նոր կը սկսին հասկնալ կեանքի զանազան դէպքեր: Սակայն, ինչպէս գիտենք, մանուկներ իրենց մանկական հոգեբանութեամբ կ՛ուզեն խաղալ, աղմկել, բարձրաձայն խօսիլ եւ, բնականաբար, այնտեղ ծնողը զսպելու կամ խրատելու պարտականութիւնը ունի, սակայն` ի՞նչ ձեւով եւ ինչպէ՞ս, այդ է կարեւորը:

Անձամբ շատ անգամ հանդիպած եմ ծնողներու, որոնք իրենց զաւակները զսպելու համար, մանաւանդ երբ այնտեղ հոգեւորական ներկայ է, կ՛ըսեն. «Բարի՛ նստէ, այլապէս սրբազանը, հայր սուրբը կամ տէր հայրը կը պատժէ քեզ». սակայն այդ պահուն չենք անդրադառնար, որ նման երեւոյթներ կամ մօտեցումներ կրնան մանուկը վախցնել եւ խրտչեցնել: Նման երեւոյթներէ պէտք է խուսափիլ, այլապէս մանուկին մէջ միշտ պիտի մնայ վախ մը` հոգեւորականին նկատմամբ: Մանուկը, որ օր ըստ օրէ պիտի դառնայ պատանի եւ երիտասարդ, դարձեալ վախով պիտի մօտենայ եկեղեցականին` իրեն հետ մեծցնելով այլազան վախեր, մե՛ծ վախեր:

Սիրելի՛ ծնողներ, հոգեւորականը չի՛ պատժեր, այլ կը սիրէ՛: Ա՛յս պէտք է սորվին մեր մանուկները, ա՛յս ճշմարտութեամբ պէտք է աճին մեր մանուկներուն միտքերը: Ա՛յս տպաւորութեամբ պէտք է հասուննան մեր մանուկները:

Երբ Քրիստոսի աշակերտները սաստեցին այն ծնողները, որոնք իրենց մանուկները Յիսուսի մօտ կը բերէին, Յիսուս տեսնելով` բարկացաւ եւ այս անգամ Ի՛նք սաստեց աշակերտները` ըսելով. «Ձգեցէ՛ք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»: Այո՛, այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը: Նման անմեղներու համար է Տիրոջ արքայութիւնը: Երանի՜ թէ բոլորս անոնց պէս ըլլայինք: Մենք եւս` որպէս Քրիստոսի տիպարին հետեւող անձեր, չե՛նք մերժեր մանուկները, այլ գրկաբաց կ՛ընդունինք զանոնք: Անոնց ներկայութիւնը օրհնութիւն է մեր կեանքէն ներս:

Այս անգամ մենք` որպէս ծնողք պատճառ չդառնանք, որ մեր մանուկները խրտչին եկեղեցիէն ու եկեղեցականէն: Անոնց սորվեցնենք, որ եկեղեցին պատժելու վայր չէ՛: Անոնց սորվեցնենք, որ եկեղեցականը չի՛ պատժեր: Անոնց սորվեցնենք, որ Քրիստոս ու Անոր եկեղեցին կը պաշտպանեն մանուկներն ու մանուկներուն նման անմեղ հոգիներ ունեցողները: Անոնց սորվեցնենք, որ պէտք չէ՛ աղմկել, որպէսզի կարենան Աստուծոյ ձայնը լսել եւ Անոր հետ խօսիլ: Նման մօտեցումներով մեր մանուկները դաստիարակենք:

Կրնայ ըլլալ, որ վերոյիշեալները դժուար միջոցներն են, սակայն աւելի լաւ է դժուարը կատարել, քան` սխալը: Մենք իրաւունք չունի՛նք մեր մանուկները ընկճելու: Մենք իրաւունք չունի՛նք մեր մանուկները վախցնելու: Մենք իրաւունք չունի՛նք մեր մանուկներուն սխալ դաստիարակութիւն ջամբելու:

Ի վերջոյ, մեր դաստիարակած ժամանակ փորձենք զգուշ ըլլալ, թէ ի՛նչ կ՛ըսենք եւ ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենանք մեր զաւակներուն վրայ: Անոնց մօտենանք դրական կերպերով, անոնց սորվեցնենք ճիշդն ու իրականը: Չվախցնե՛նք զանոնք, այլ պահենք խաղաղ եւ հանգիստ: Չխրտչեցնե՛նք զանոնք` եկեղեցիէն, դպրոցէն, եկեղեցականէն ու ուսուցիչէն, այլ զանոնք կապենք այս սրբազան արժէքներուն: Թող մեր դաստիարակութիւնը առիթ դառնայ, որ անոնք սիրեն եկեղեցին, դպրոցը, եկեղեցականն ու ուսուցիչը:

Թող որ Աստուած իմաստութիւն պարգեւէ բոլորիս, որպէսզի մեր կեանքի առաքելութեան ընթացքին չկատարենք այնպիսի սխալներ, որոնք ժխտական ձեւով կ՛ազդեն մեր ապագայ սերունդի կեանքին վրայ: Թող որ Աստուած իմաստութիւն պարգեւէ, որպէսզի մեր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը այնպէս մը կատարենք, որ ապագային ամչնալիք պատճառ մը չունենանք:

Աստուածաշունչին տողերով կ՛աւարտեմ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը» (Առ. 22.6), սակայն «Մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, որպէսզի չյուսալքուին» (Կղ. 3.21), եւ` «Զաւակնե՛ր, ամէն բանով հնազա՛նդ եղէք ձեր ծնողներուն, որովհետեւ Տէրը այդպէս կ՛ուզէ» (Կղ. 3.20):

Թող Աստուած օրհնէ ու պահէ բոլոր մանուկներն ու անոնց ծնողները:

 

 

Նախորդը

Փոխան «Ազդակ» Լսարանի

Յաջորդը

Հայը Եւ Մարդը. Գրիգոր Խանջեան Դ.

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?