Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՆՄԱՆ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԸ…

February 13, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, գիտես, որ շաբաթ, փետրուար 4-ին, տօնեցինք «Ս. Սարգիս Զօրավար»-ը, նահատակակից Մարտիրոս որդին ու տասնչորս թիկնապահ զինուորները:

«Սարգիս» հայացուած ձեւը կու գայ «Sargis» ասորական անունէն, որ փոխառեալ է յունարէն «Sergios»-էն. աս ալ հասած է արեւելք «Sergius» լատինականէն, որմէ ելած են ֆրանսերէն «Serge», անգլերէն ու գերմաներէն «Sergius» եւ իտալերէն «Sergio» յատուկ անունները:

Եկեղեցական եւ ընդհանուր պատմութեան մէջ ծանօթ են բուն հռոմէական այս անունով քահանայապետներ ու հռոմէացի անձնաւորութիւններ, իսկ Զ. դարէն մինչեւ ԺԹ.-ի վերջաւորութիւնը 510-է աւելի «Սարգիս» անունով դէմքեր ու գործիչներ ունեցած է հայաշխարհը, «բայց ամէնից նշանաւորն է Ս. Սարգիս Զօրավար, որ շատ յարգուած է հայոց մէջ եւ` առասպելական դարձած» (Հր. Աճառեան): Վեցերորդ դարուն կէսէն գործածութեան մէջ մտած «Սարգիս» անունը այսօր շատ սովորական ու սիրելի է հայերուս:

Ո՞վ է Ս. Սարգիս եւ ինչո՞ւ այնքան հինաւուրց մեծ ժողովրդականութիւն ունի հայ ազգին մէջ, որ կենսափորձառական իմաստութեամբ ու համոզումով հռչակած է զայն իբրեւ «արագահաս, օգնահաս եւ խնդրակատար սուրբը»…: Անցեալին անոր անունին շինուեցան հայ եկեղեցիներ ու  վանքեր: Այսօր ալ ունինք «Ս. Սարգիս»-ներ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Արտաքին ու ներքին բարեմասնութիւններով օժտուած յոյն զինուորական էր, որ Կապադովկիոյ ստրատելատ կամ Կեսարիոյ վերին հրամանատարը նշանակուած էր:

Վարքագրութիւնը, զոր հեղինակած կամ հայացուցած է Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի կաթողիկոսը (1102-1173), կը նկարագրէ Սարգիսը` իբրեւ «աստղ լուսապայծառ», «բարեպաշտութեան հաւատով այր ոմն զարմանալի եւ հռչակաւոր», որ իր քաջութեան համբաւին շնորհիւ հասած էր «պարգեւաց մեծագունից եւ պատիւ ստրատելատութեան», իսկ իր արդարութեամբ ու իմաստութեամբ հանդիսացած էր «համապատիւ իշխանացն եւ դատաւորաց» առաջինը, որուն հրամանին կ՛անսային բոլորը:

Սարգիսի իշխանութեան շրջանն եղաւ խաղաղութեան ու բարգաւաճումի ժամանակը, որուն ընթացքին նիւթական, դրամական ու շինարարական նպաստներ յատկացուց իր հպատակներուն, քանի աղքատասէր ստրատելատը շատ կը սիրէր կարիքաւորները:

Այսպէս տեւեց մինչեւ գահակալութիւնը Յուլիանոս Ուրացող կայսեր (360/361-363). քրիստոնեաներուն դէմ անոր վերսկսած հալածանքներէն խուսափելով` Սարգիս նախ ապաւինեցաւ հայոց Արշակ Բ. թագաւորին (350-368) մօտ եւ ապա անոր թելադրանքով անցաւ Պարսկաստան, որուն Շապուհ Բ. արքայէն (310-375) կարգուեցաւ սահմանապահ զօրահրամանատար:

Քանի մը տարի ետք, սակայն, ձերբակալուեցաւ պարսիկ բանակին մէջ քրիստոնէութիւնը տարածելու յանցանքով, իսկ երբ մերժեց կրակապաշտութիւնն ընդունելու առաջարկը, կտրիճութեամբ յանձն առաւ մարտիրոսութիւնը Քրիստոսի սիրոյն ու կրօնին հաւատարմութեան:

Ասորիք գաղտնաբար տարուած մարմինէն Ս. Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) նահատակ Սարգիսի մասունքներէն բերաւ Հայաստան, ուր Կարբի աւանին մէջ եւ Գագա դաշտին վրայ շինեց երկու եկեղեցիներ` հոն զետեղելով նուիրական նշխարները: Մաշտոցի այս նախաձեռնութենէն սկսաւ Ս. Սարգիսի յարգընծայումը, ժողովրդականութիւնը հայերուս քով:

Ս. Սարգիսի կեանքն ու գործը կը պարտադրեն կատարել քանի մը բաղդատութիւններ յոյն, բայց հայերէն յոյժ սիրուած-յարգուած ստրատելատին եւ Հայաստանի անցեալի ու ներկայի այնքան ալ չսիրուած իշխանաւորներուն միջեւ:

Առաջինը «հմուտ գոլով ի մանկութենէ Հին եւ Նոր Կտակարանաց» կը կենցաղավարէր «Քրիստոսի հոգւոյն իմաստութեամբ»: Երկրորդներուն սուրբգրային գիտելիքներու մակարդակն ինչպէ՞ս է եւ անոնց հոգեւոր որակն ի՞նչ է…

Առաջինը կը շրջագայէր իր նահանգներուն մէջ` մաքրագործելով «զաշխարհն ի կռոցն մոլորութենէ», քանդելով «զբագինս կռոցն ի հիմանց» եւ հալածելով աղանդաւորները «ի հայրենի գաւառաց»: Երկրորդները ոչ միայն արգելք չեղան, այլ նաեւ սատարեցին աղիտաբեր աղանդներու ներմուծումին եւ տարածումին, քանի անոնց պաշտօնական գրանցումով լեցուցին իրենց գրպանները, որոնք երբեք չեն յագենար լեցուելէն…

Սարգիս ստրատելատ ստացած բարձրագոյն իշխանութիւնն ու հարստութիւնը չգործածեց «ո՛չ ի նիւթական շահավաճառութիւնս» եւ ո՛չ ալ «ի փառս» իր անձին: Հայաստանի ղեկավարները ժողովուրդէն ստացած իրենց իշխանութիւնը օգտագործեցին ու կ՛օգտագործեն ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ համար, երբ մեր Հայրենիքը մարդաթափուր կը դառնայ…

Իշխանութեամբ ու դրամով` առաջինը «շինէր եկեղեցիս Աստուծոյ եւ մատրունս … վկայիցն, որով լինէր խնդութիւն աստուածապաշտից»: Երկրորդները պալատներ, «վիլլաներ» ու գործարաններ կը կառուցանեն, սակայն` ո՛չ հայրենակիցներուն բարիքին եւ մայր երկրին  բարգաւաճումին համար, այլ` ի խնդիր իրե՛նց օգուտին, իրե՛նց վայելումին ու իրե՛նց քսակին…

Այնճար, 6 փետրուար  2012   

Նախորդը

WHO՛S WHO ԿԱՄ` Ո՞Վ Է ՆԱ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ, ՈՐ ՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԱԶԱՏՕՐԷՆ ՊՈՌԱՑՈՂ Ա՛ՅՆ ՇՈՒՆՆ Է

Յաջորդը

ԽՍՀՄ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ. ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԸ ՉԻ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՂ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.