Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Երբեք Պէտք Չէ Համակերպինք Այս Պարտութեան Հետ, Այս Ծունկի Եկած Վիճակէն Պէտք Է Դուրս Գանք»

September 27, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք երբեք պէտք չէ համակերպինք այս պարտութեան հետ, այս ծունկի եկած վիճակէն պէտք է դուրս գանք, այսօրուան մեր յիշատակի երթը նաեւ այդ խորհուրդը ունի». ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը «Հայաստան» դաշինքի նախաձեռնած երթ-մոմավառութենէն առաջ, դէպի «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն որ նուիրուած էր 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակին:

«Այո՛, մենք ոտքի պիտի կանգնինք. տէր ենք մեր երկրին, մեր հայրենիքին, ու մեր սուրբ նահատակներու թափած արիւնը յանուն հայրենիքի ի զուր պիտի չանցնի եւ իրենց գործը շարունակող պիտի ըլլայ: Մենք ոտքի պիտի կանգնինք, պիտի համախմբուինք ու երկիրը դուրս բերենք այս վիճակէն», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Անցնող մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւնները բարեփոխումներու ծրագիր ներկայացուցած էին, բայց երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամը կը շարունակէ մնալ չյաղթահարուած, արձանագրեց Իշխան Սաղաթէլեան եւ եզրակացուց, թէ պատճառը այն է, որ ճգնաժամ ստեղծողները եւ երկիրը աղէտի բերած իշխանութիւնը կը շարունակեն մնալ իշխանութեան:

«Այսօր մեր երկիրը վտանգի տակ է, Հայաստանին սպառնացող վտանգները օրէ օր կը խորանան, իսկ օրուան իշխանութիւնը այդ վտանգները ի վիճակի չէ չէզոքացնելու», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան հաստատեց, որ իրենց օրակարգը կը շարունակէ մնալ նոյնը` պէտք է կանխել Հայաստանի թրքացումը, պէտք է երկիրը դուրս բերել այս իրավիճակէն:

«Մենք պարտաւոր ենք յաղթահարել այս ճգնաժամը, իսկ այդ ճամբուն վրայ կայ մէկ գլխաւոր խոչընդոտ, ատիկա այսօրուան իշխանութիւններն են, որոնց հեռացումը իսկապէս անհրաժեշտութիւն է», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Քաղաքական այլ հարցերու ան նպատակայարմար չնկատեց պատասխանել, որովհետեւ տեղի ունեցածը յիշատակի երթ էր:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամներու Եւ Մարզային Կոմիտէներու Ներկայացուցիչներու Մասնակցութեամբ Խորհրդակցութիւն

Յաջորդը

«Արցախն Ապրում Է». Ջահերթ Ստեփանակերտի Մէջ

RelatedPosts

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը  Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական  Կարեւորութիւն Ունի»
Հայկական

Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի»

November 12, 2026
Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ
Հայկական

Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.