Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ընդհանուր Դատախազները Նուր-Սուլթանի Մէջ Քննարկած Են Արցախի Առնչուող Հարցեր

September 24, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազ Իկոր Քրասնովի եւ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քամրան Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի առնչուող հարցեր: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը:

Կը նշուի, որ հանդիպման ընթացքին Իկոր Քրասնով ընդգծած է եռակողմ ձեւաչափի արդիւնաւէտութիւնը եւ յայտնած Արցախի մէջ օրինականութեան ամրապնդման ու վերջին 9 ամիսներու ընթացքին մարդոց կեանքի կայունացման ուղղութեամբ կողմերու կատարած աշխատանքներու զգալի արդիւնքներուն մասին:

Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազը իր հիմնական խնդիրը նկատած է լարուածութեան թուլացումը շրջանի բնակչութեան ծիրին մէջ:

Ան կոչ ուղղած է իբրեւ տեղեկութեան փոխանակման ուղի աւելի աշխուժ կերպով օգտագործել Արցախի մէջ գտնուող ռուս զինուորական դատախազներու դիմելու կարելիութիւնը, ներառեալ` կատարուած խախտումներու մասին հաղորդումներ փոխանցելու եւ քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու աշխատանքը շարունակելու համար:

Քրասնով շնորհակալութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի գործընկերներուն կառուցողական փոխադարձ գործակցութեան եւ ընդհանուր արդիւնքի` խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար` ի շահ շրջանի ժողովուրդներուն:

Նշուած է անյայտ կորսուած անձերու որոնողական աշխատանքներու ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութեան դրական մակարդակը: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը համաձայնած են շարունակել որոնողական աշխատանքները:

Ընդհանուր դատախազները քննարկած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու յայտարարութիւններու կատարումն ու հետագայ իրաւական գործակցութեան հեռանկարները:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազները շնորհակալութիւն յայտնած են ռուս գործընկերոջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան մարդասիրական երեսներու կատարման ուղղուած ջանքերուն համար:

Կողմերը հաստատած են նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնը հաղորդակցութիւններու աշխուժացման անհրաժեշտութեան մասին` հետագայ լարուածութիւնը կանխարգիլելու համար:

 

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Հիմնական Երեք Սկզբունքները Կը Մնան Արդիական Եւ Կիրարկելի» Կ՛Ըսէ Դեսպան Թրէյսի

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.