Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ն Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը Շարունակելու Պայքարը` Ի Շահ Ազգային, Ուժեղ Պետականութեան Եւ Արցախի Ինքնորոշման Ու Ազատութեան»

September 23, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ուղերձը` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 30-ամեակին առիթով:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Մեր նորանկախ պետականութեան 30-րդ տարեդարձը ստիպուած ենք դիմաւորելու ծանր պայմաններու մէջ: Վերջին պատերազմին վէրքերը խորունկ են, կորուստները` ցաւալիօրէն շատ: Վտանգուած է աշխարհի քաղաքական քարտէսին վրայ մեր ինքնիշխան գոյութեան իրաւունքը: Առկայ մարտահրաւէրները եւ արտաքին սպառնալիքները դիմագրաւելու անհրաժեշտ նախապայմանը ներքին ամրութիւնն է: Առաջին հերթին խաթարուած ամրութիւնը վերականգնելու հարց ունինք:

Ցաւօք, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները չնպաստեցին այդ հարցին լուծման: Ճգնաժամը ո՛չ միայն չէ յաղթահարուած, այլեւ կը հակի առաւել խորացման: Խարդաւանքներու, վարչա-իշխանական լծակներու օգտագործումով ձեռք բերուած քուէները իշխանութիւնը ընկալած է իբրեւ իր ձախողութիւններուն, ապաշնորհ կառավարման եւ կործանարար քաղաքականութեան մեղքերու թողութիւն: Շարունակ խօսելով ժողովուրդին անունով եւ պահուըտելով անոր ետեւ, իշխող վարչախումբը այդ նոյն ժողովուրդը տարած է ու կը շարունակէ տանիլ պարտութեան ու հայրենազրկման: Ճառելով ժողովրդավարութենէ, մարդու իրաւունքներէ, ազատութիւններէ ու քաղաքական հանդուրժողականութենէ, իշխանութիւնները կը դրսեւորեն բռնապետական բացայայտ հակումներ, կ՛ոտնակոխեն օրէնքն ու քաղաքացիին իրաւունքները, զբաղած են թշնամանք սերմանելով ու ատելութիւն քարոզելով:

Սթափելու, անցած ճանապարհը արժեւորելու, վերագնահատումներ կատարելու, յստակ ազգային օրակարգ եւ ծրագիր որդեգրելու ու հետեւողականօրէն գործադրելու հրամայականի առջեւ ենք:

Շնորհաւորելով մեր ժողովուրդը` անկախութեան տօնին առիթով, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իբրեւ համահայկական կազմակերպութիւն, կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ, ի շահ ազգային, ուժեղ պետականութեան եւ Արցախի ինքնորոշման ու ազատութեան: Խորապէս համոզուած ենք, որ անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է, ինչպէս նաեւ` ազգի բնականոն զարգացման նախապայման: Իշխանութիւնները անցողիկ, գնայուն են, պետականութեան տէրը բոլորս ենք ու բոլորս ընելիք ունինք: Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան հայրենիքն է, առ այդ` հայոց անկախ պետականութեան հզօրացումն ու ամրապնդումը համայն հայութեան գերխնդիրն է: Արեամբ, զոհողութիւններով ու քրտինքով կերտուած մեր անկախ պետականութիւնը այսօր աւելի քան երբեք մեր բոլորին հոգածութեան ու նուիրումին կարիքն ունի: Մեզի պարտադրուող փորձութիւնները կրնանք եւ պէ՛տք է յաղթահարենք:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

21 սեպտեմբեր 2021

 

Նախորդը

«Այսօր, Աւելի Քան Երբեւէ, Ողջ Հայ Ժողովրդին Միասնականութիւն, Կամք Եւ Ոգի Է Անհրաժեշտ»

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Դանակը Հասած Է Ոսկորին, Եւ Անհրաժեշտ Է Միաբանութիւն»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.