Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ պատասխանած Քաշաթաղի մէջ տեղի ունեցած թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ռազմափորձերուն մասին հարցումին:
«Ընդհանուր առմամբ, մենք կը հետեւինք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի առանձին հատուածներու վրայ տիրող կացութեան: Կացութեան զարգացումը, ի շարս այլոց նաեւ Որոտան գիւղին մօտ, անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ սահմանազատման եւ ատոր յաջորդող սահմանագծման հոլովոյթի սկիզբի անհրաժեշտութիւնը: Այս հարցով Ռուսիոյ առաջարկները ուղարկուած են թէ՛ Պաքուին, թէ՛ Երեւանին: Կ՛ակնկալենք շուտափոյթ պատասխան` հետագայ ընթացքը կազմակերպելու համար: Զուգահեռաբար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ պիտի շարունակենք ջանքերը` ուղղուած շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման` 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու իրագործման ծիրին մէջ», ըսած է Զախարովա:
Անդրադառնալով Քաշաթաղ շրջանին մէջ տեղի ունեցած թուրք-ազրպէյճանական ռազմափորձերուն` շրջանին մէջ խաղաղութեան սպառնալիք հանդիսանալու ծիրին մէջ, Զախարովա նշած է, որ իրենք կապի մէջ են ազրպէյճանական կողմին հետ. «Ռուսական դիրքորոշումը հասցուած է Պաքուին` հաշուի առնելով, որ անիկա ըմբռնումով ընդունուած է ազրպէյճանցի գործընկերներուն կողմէ»:
Պատասխանելով Արցախի Մարտունի շրջանի Կարմիր շուկայ բնակավայրին ուղղութեամբ 6 սեպտեմբերին ազրպէյճանական կողմի արձակած կրակոցներուն մասին հարցումին` դիւանագէտը նշած է, որ տեղեկութիւն չունի նման միջադէպերու մասին եւ խնդրած է այդ հարցով դիմել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներուն ու Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան: