Նախանցեալ օր` կիրակի, 12 սեպտեմբերին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու Որոտան բնակավայրին մօտ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Էյվազլի շրջանի հատուածին մէջ, Ազրպէյճանի ոստիկանութիւնը կը ստուգէ իրանեան բեռնատարներու վարորդներուն փաստաթուղթերը:
«Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու եւ Ռուսիոյ սահմանապահ ծառայութեան զինուորներու կողմէ միացեալ աշխատանքներ կը կատարուին յառաջացած իրավիճակը լուծելու ուղղութեամբ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Անդրադառնալով պատահածին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարեց, որ Իրանի համար դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները առաջնահերթութիւն են, եւ ասիկա դրսեւորուած է նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար մօտեցումներուն մէջ: Այս մասին յայտնեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք կը փորձենք Իրանի կարելիութիւնները օգտագործել շրջանային զարգացման, խաղաղութեան եւ կայունութեան համար` բոլոր դրացիներուն մասնակցութեամբ: Մասնաւորապէս, օրակարգի վրայ են Հայաստանի, ինչպէս նաեւ մեր միւս դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները», ըսաւ Խաթիպզատէ:
Միւս կողմէ, երէկ տեղի ունեցած Ազգային ժողովի նիստին, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պահանջեց Ազգային ժողով հրաւիրել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը` Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ բացատրութիւններ տալու համար:



