Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 8, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ Տեղադրուած Է Երուանդ Հաճեանի Յուշատախտակը

Սեպտեմբեր 3-ին Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է  արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած`  արտաքին գործոց նախարարութեան սփիւռքի բաժինի նախագահ Երուանդ Հաջեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակի տեղադրման արարողութիւնը: Այս մասին յայտնած են արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Արտաքին  գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան  նշած է, որ Արցախի մէջ Երուանդ Հաջեանը կը ճանչնան իբրեւ հայրենասէր, պարկեշտ անձնաւորութիւն, որ բարձր արհեստավարժութեամբ կատարած է իր աշխատանքային պարտականութիւնները, ապրած է հայրենիքի հոգերով եւ հարցերով:

Տոկունութիւն ու համբերութիւն մաղթելով Երուանդ Հաջեանի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն` նախարարը ընդգծած է, որ հայրենիքի նուիրեալներու յիշատակը միշտ վառ կը մնայ հայրենակիցներու սրտերուն մէջ:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէն Բազմաթիւ Դաշնակցականներու Հետ Կազմակերպած Էր Մոմավառութիւն Եռաբլուրի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, բազմաթիւ դաշնակցականներ երեկոյեան այցելեցին Եռաբլուր:

Դաշնակցականները օրուան խորհուրդը որոշած էին կիսել արցախցիներուն, հայ ժողովուրդին, իր հողին վրայ ապրելու իրաւունքին համար իրենց կեանքը զոհած հայորդիներու շիրիմներուն մօտ` մոմավառութեամբ:

Եռաբլուրը կը միաւորէ արցախեան գոյամարտի համար զոհուած հայրեր եւ որդիներ, որոնք կերտած են յաղթանակ եւ փորձած են պահել զայն: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ առաջին ազատամարտի մասնակիցներու հարազատները:

Մահացաւ Գրաքննադատ, Արձակագիր, Թարգմանիչ Ալեքսանդր Թօփճեանը

81 տարեկանին մահացաւ գրաքննադատ, արձակագիր, թարգմանիչ Ալեքսանդր Թօփչեանը: Այս մասին հաղորդեցին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն:

«Անգնահատելի է անոր աւանդը հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի զարգացման, վաթսունականներու գրական սերունդի զարթօնքի գործին մէջ: Այդ տարիներուն ան օգնեց կողմ տանելու Խորհրդային Միութեան երկաթէ վարագոյրները` երեւան բերելով նոր հեղինակներ, նոր կոչնակներ: Այդ սերունդը այսօր սիրուած եւ ճանաչցուած է ո՛չ միայն գրական շրջանակներու, այլեւ հասարակութեան լայն շերտերու կողմէ:

«Մեծ է Ա. Թօփչեանի ներդրումը նաեւ շարժապատկերի աշխարհի մէջ: Բեմագրական մշակման ճգնաժամային ժամանակահատուածին  մէջ, իբրեւ գլխաւոր խմբագիր, աշխատելով «Հայֆիլմ»-ի մէջ, ան կրցաւ աշխատանքը դնել կանոնաւոր հունի մէջ: Դիտելով 1975-1985 թուականներու նկարահանուած ժապաւէնները` կարելի չէ չտեսնել անոր ձեռագիրը «Երկունք», «Կեանքի լաւագոյն կէսը», «Մեր մանկութեան թանկոն», «Հին օրերու երգը» ժապաւէններուն մէջ: Յաջողութեան գաղտնիքը գրականութիւնը շարժապատկերի հիմքին մէջ պահելու անոր անխախտ սկզբունքն էր:

«Ակնառու է Ա. Թօփչեանի աւանդը նաեւ թարգմանական ասպարէզին մէջ: Անոր շուրջ ութ տասնեակ թարգմանութիւններու շնորհիւ հայ ընթերցողը ճանաչցած է` Ժորժ Ռոտենպախի, Շարլ-ֆերտինանդ Ռամիւզի, Շարլ տը Քոսթերի, Մորիս Մեթեռլինկի, Տենի տը Ռուժմոնի, Ֆրանսուազ Սականի եւ տասնեակ այլ ֆրանսագիր հեղինակներու գրականութեան:

«Անուանի գրաքննադատը, արձակագիրը, թարգմանիչը հայ ընթերցողին ներկայացուցած է նաեւ հայազգի օտարագիր եւ սփիւռքահայ գրողները` Վահէ Քաչա, Ժան-Պաթիսթ Պարոնեան, Վահէ Կոտել, Վազգէն Շուշանեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի եւ ուրիշներ:

«Ա. Թօփչեան առանձնայատուկ սէր կը տածէր արեւմտահայ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի գրականութեան նկատմամբ: Ան արտայայտուած է անոր երկերուն հատորներու հրատարակութեան պատրաստութեան եւ լոյս ընծայման մասին: Գրողին հանդէպ այդ սիրոյ շարունակութիւնն է նաեւ անոր` «Եւ անգամ մահէն ետք» վէպը, որ արժանացած է մրցանակի:

«Յաջող էր նաեւ Ա. Թօփչեանի ստեղծագործական գործունէութեան վերջին պտուղներէն մէկուն` «Պանք Օթոման» վէպի համաշխարհային ճամբորդութիւնը: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ վէպը արտերկրի մէջ հրատարակուած է քանի մը լեզուներով: Նախարարութեան դրամաշնորհով ստեղծուած, եւ վերջերս լոյս տեսած են անոր «Որոգայթ» վէպը եւ Ժորժ Ռոտենպախի «Մշուշներու ճախարակը» ստեղծագործական ժողովածուն` ֆրանսերէնի թարգմանութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտնենք, որ Ա. Թօփչեան Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ արժանացած է «Արուեստներու եւ գրականութեան սպայի» շքանշանի:

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Այցելեց Անհետ Կորսուած Ազատամարտիկներու Հարազատներու Միութեան

Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք անհետ կորսուած հարիւրաւոր անձերու ճակատագիրներուն, դժբախտաբար, միացան 2020-ի Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին իբրեւ պատճառով տակաւին չգտնուած անձերու ճակատագիրները: Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան այցելեց Արցախի Անհետ կորսուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան:

«Հակառակ այս ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն` ազրպէյճանական կողմը պատշաճ համագործակցութիւն չի ցուցաբերեր ո՛չ հայկական կողմին, ո՛չ միջազգային կազմակերպութիւններուն անհետ կորսուած մարդոց մասին տեղեկատուութիւն տրամադրելու հարցին մէջ: Այս այն պարագային, երբ բազմաթիւ մարդոց Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուելու մասին անհերքելի փաստեր կան: Ամէն անհետ ճակատագիրի ետեւ կան մարդիկ, որոնք կը տառապին իրենց սիրելիներու ճակատագիրն ու գտնուելու վայրը չգիտնալու ցաւէն եւ կը պայքարին այդ անորոշութեան ու անկէ բխող բազմաթիւ հետեւանքներուն դէմ: Զուգահեռաբար` սարսափելի ցաւին, որ տարիներու ընթացքին կ՛աճի չգտնուող պատասխաններու պատճառով, անհետ կորսուածներուն հարազատները յաճախ կը բախին բազմաթիւ ընկերային, հոգեբանական, իրաւական եւ տնտեսական դժուարութիւններու: Անոնց նկատմամբ թէ՛ պետութեան, թէ՛ հասարակութեան ամէնօրեայ հոգատարութիւնը խիստ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է: Անհետ կորսուածներու միջազգային օրը մենք պարզապէս պարտաւոր ենք վերստին բարձրաձայնելու եւ միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու այս կարեւորագոյն հարցին վրայ: Այսօր այցելեցի Արցախի Անհետ կորսուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութիւն, եւ քննարկեցինք կազմակերպութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան միջեւ համագործակցութեան մասին շարք մը հարցեր», նշեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:

Ջաւախքի Մէջ Կայացաւ «Բացայայտենք Ջաւախքը» Խորագիրով Լուսանկարչական Արշաւ

Օգոստոս 27-29 Ջաւախքի մէջ կայացաւ «Բացայայտենք Ջաւախքը» խորագիրով եռօրեայ լուսանկարչական արշաւ մը, որ կազմակերպուած էր «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամին եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար: Այս մասին յայտնեցին «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամէն:

Ըստ աղբիւրին, ծրագրի մասնակիցները, որոնք հայ եւ վրացի լուսանկարիչներ են Հայաստանէն, սփիւռքէն եւ Ջաւախքէն, երեք օր շարունակ եղած են` Ջաւախքի ամէնէն գեղեցիկ եւ գողտրիկ անկիւնները, այցելած են Ախալքալաքի, Նինոծմինդայի, Ախալցխայի եւ Ասպինձայի գիւղերն ու քաղաքները, տեսարժան վայրերն ու մշակութային կոթողները, ծանօթացած են գիւղական բնակավայրերու կեանքին, բարքերուն ու առօրեային եւ իրենց տեսածը, զգացածն ու տպաւորութիւնները անմահացած են լուսանկարներով:

Ծրագրին վերջին օրը մասնակիցները այցելած են նաեւ Գանձա եւ Կարզախ գիւղերը, ՋԱՀ-ի կողմէ հիմնադրուած եւ վերականգնուած` աշուղ Ջիւանիի եւ Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանները:

Հաղորդենք, որ ծրագրի շրջանակներուն մէջ իրականացան նաեւ վարպետութեան դասեր, որոնք վարեցին աստղալուսանկարիչ Ինգա Աւանեսովան եւ «Հայ լուսանկարիչներ» ազգային միութեան նախագահ, լուսանկարիչ Սերգէյ Յակոբեանը:

Ազրպէյճանցիները Քանդած Են Արցախի Մեծ Թաղեր Գիւղի Մակուն Կամուրջը

 

Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի Մակուն կամուրջը քանդուած է ազրպէյճանցիներու կողմէ: Այս մասին ահազանգեց Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch):

Հաղորդենք, որ կազմակերպութիւնը հրապարակեց արբանեակային լուսանկար մը` ցոյց տալով, որ կամուրջը աւերուած է 8 ապրիլէն 7 յուլիսի միջեւ:

Սկսած Է Պատարա Գետը Ստեփանակերտի Ջրամատակարարման Համակարգին Միացնող Խողովակաշարի Կառուցումը

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան սեպտեմբեր 1-ին աշխատանքային այցելութեամբ այցելած է Ասկերան:

Երկրի ղեկավարը  ծանօթացած է Ստեփանակերտի բնակիչները խմելու ջուրով ապահովելու նպատակով Պատարա գետէն դէպի մայրաքաղաքի ջրամատակարարման համակարգ տանող խողովակաշարի կառուցման աշխատանքներուն, որոնց աւարտը կը նախատեսուի 2022 թուականի յունիսին:

Նախագահի աշխատակազմէն նշած են, որ Արցախի նախագահը քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեանի եւ ոլորտի այլ ներկայացուցիչներու հետ քննարկած է նաեւ հանրապետութեան ամէնէն մեծ եւ իր նշանակութեամբ չափազանց կարեւոր տնտեսական նախագիծը` Պատարայի ջրամբարի կառուցման առնչուող հարցերը: Նախագիծը կեանքի կոչելով վերջնականապէս պիտի լուծուի  մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ջրամատակարարման հարցը, ինչպէս նաեւ Ասկերանի շրջանի շարք մը համայնքներ պիտի ապահովուին խմելու եւ ոռոգման ջուրով: Այս ուղղութեամբ նախագահը յանձնարարած է կարելի կարճ ժամանակահատուածի մէջ աւարտել նախապատրաստական աշխատանքները եւ սկսիլ աշխուժ շինարարական փուլին:

Այնուհետեւ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Աստղաշէն համայնքի վարչական տարածքին պատերազմի պատճառով Ասկերանի վերին ենթաշրջանի գիւղերէն տեղահանուած բնակիչներուն համար կառուցուող աւելի քան 644 հազար քառակուսի մեթր մակերես ունեցող նոր բնակավայրի շինարարական հրապարակ, ուրկէ հետեւած է լայնածաւալ շինարարութեան ընթացքին:

Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է նաեւ Իւանեան համայնք, ուր ծանօթացած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ երկու բնակելի թաղամասերու կառուցման աշխատանքներուն: Կը նախատեսուի, որ երկու թաղամասերն ալ շահագործման յանձնուին 2022 թուականին, եւ անոնց բնակիչները ապահովուած ըլլան ենթակառուցուածքային բոլոր յարմարութիւններով:

Նշենք, որ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է նաեւ Յովսէփաւան համայնք, ուրկէ հետեւած է արցախեան երրորդ պատերազմի նահատակներու ընտանիքներուն եւ տեղահանուած բնակիչներուն համար նախատեսուած շուրջ 92 առանձնատուներու կառուցման աշխատանքներուն: Հաղորդենք, որ թաղամասի շինարարութիւնը իրականացուած է ռուսաստանաբնակ բարերար Սերգէյ Համբարձումեանի միջոցներով:

Բաւարար գնահատելով աշխատանքներու ընթացքը` երկրի ղեկավարը մեծապէս կարեւոր նկատած է Արցախի մէջ իրականացուող բնակարանաշինական ծրագիրներու նշանակութիւնը եւ ընդգծած է, որ համայն հայութեան ուժերով ժամանակի ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ մեղմացնել պատերազմին պատճառով ստեղծուած բարդ ընկերային-տնտեսական եւ մարդկային իրավիճակը:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պատերազմ` Դիզակի Եւ Վարանդայի Ու Խաչենի Մելիքութիւններուն Միջեւ Եւ Մելիք Միրզախանի Սպանութիւնը

Յաջորդը

Էրտողանեան Ծրագիրներն Ու Փորձերը Կովկասը Թրքացնելու , Թուրանական Կայսրութեան Հիմնաքար Դարձնելու Ալիեւի Հետ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?