Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուսի վիրաբուժութիւնը անցաւ շատ յաջող, այս մասին յայտնեց գերմանական մամուլը:
31 տարեկան Քրուս ըսաւ, որ թէեւ ճշգրիտ թուական մը չի կրնար տալ ֆութպոլի դաշտերը իր վերադարձին մասին, սակայն ինք ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ մօտիկ ապագային փորձել արագացնելու իր վերադարձը:
Քրուս, որ 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պայէրնի, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յունիս 2023:
Նշենք, որ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն ետք ան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը:



